Պոլսոյ Արամ Սրբազանը Կը Խորհրդակցի Էրտողանի Հետ

By Armen Press | Sunday, 08 November 2009

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա<<, <<Արմէնփրէս>>.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան Թուրքիոյ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցած է վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Սրբազանին կ՛ընկերանային Հերման Պալեան, Մելքոն Գարաքէօսէ եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։

45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք, յայտարարութիւն չէ կատարուած, սակայն պատրիարքարանի տեղեկութեանց համաձայն, հանդիպումը տեղի ունեցած էր Էրտողանի նախաձեռնութեամբ:

comments