Մահացաւ Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Արցախի Մնայուն Ներկայացուցիչ, Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Հիմնադիր Կարօ Քեպապճեան

By Asbarez | Wednesday, 31 March 2021

0401Master

31 Մարտին, Երեւանի մէջ մահացաւ 1999էն մինչեւ իր մահը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ, Հայ Սեւ Գօտիներու միութեան հիմնադիր եւ տնօրէն, նուիրեալ դաշնակցական Կարօ Քեպապճեան (Մասթըր Կարօ)։

Ան շնած է Լիբանանի Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ, 15 Մարտ 1957ին։ 1970ական թուականներուն անդամակցած է Միջազգային Սեւ գօտիներու միութեան եւ մասնագիտացած՝ իբրեւ մարզիչ, ստանալով Մասթըր տիտղոսը։ 1974ին, առողջ մարմինով, արթուն միտքով եւ ազնիւ հոգիով հայ անհատներ կազմաւորելու սկզբունքով, Լիբանանի մէջ հիմը կը դնէ Հայ Սեւ Գօտիներու միութեան, ուր հայեցի դաստիարակութիւն եւ ֆիզիքական կազմաւորում ստացան մեծ թիւով երիտասարդներ։ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի հայահոծ գաղութներուն մէջ կեդրոններ հիմնելէ ետք, Կարօ Քեպապճեան 1997ին կը հիմնէ Հայ Սեւ Գօտիներու միութեան Հայաստանի մասնաճիւղը։ Հետզհետէ մասնաճիւղերուն թիւը կը բարձրանայ, եւ միութիւնը կորիզներ կ՛ունենայ Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ։ Ապա կը հասնի Արցախ՝ հիմնելով Լեռնային Ղարաբաղի Ուու ՇուՔոնկ Ֆուի դաշնակցութիւնը։

28 Մայիս 1999ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, բարձր գնահատելով Կարօ Քեպապճեանի տարուած աշխատանքը՝ Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրով կը պարգեւատրէ զայն։

Ան ամուսնացած է Սիլվա Աղամանուկեանի հետ եւ ունի երկու զաւակ՝ Անի եւ Արթուր։

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 2 Ապրիլ 2021ին, Եռաբլուր պանթէոնին մէջ։

***

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ցաւակցագիրներ յղեցին՝ Կարօ Քեպապճեանի մահուան առիթով։

Արայիկ Յարութիւնեան կը նշէ, որ ան եղաւ անձնաւորութիւն մը, որ անմնացորդ նուիրուածութեամբ, անսպառ եռանդով ու անսահման լաւատեսութեամբ համակուած կը ծառայէր հայրենիքի զարգացման ու զօրացման, աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր հատուածներու միաւորման ու միասնականութեան ամրապնդման, երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան եւ հայրենադարձութեան վեհ գործին:

«Մեծ ճանաչում ունենալով հայրենիքում եւ Սփիւռքում` նա իրականացնում էր ազգանպաստ գործունէութիւն, անում էր հնարաւորն Արցախի միջազգային ճանաչման, ընկերային-տնտեսական առաջընթացի ապահովման ուղղութեամբ` իր անուրանալի աւանդը բերելով այստեղ բազմաբնոյթ ծրագրերի կեանքի կոչմանը: Կարօ Քաբաբջեանն արժանիօրէն վայելում է արցախցիների սէրն ու յարգանքը: Նրա հայրենանուէր ջանքերը բարձր են գնահատուել: Արցախին մատուցած ծառայութիւնների համար Կարօ Քաբաբջեանն արժանացել է պետական բարձր պարգեւների», կ՛ըսուի Յարութիւնեանի ցաւակցագիրին մէջ:

Դաւիթ Բաբայեան իր կարգին նշեց, որ կեանքէն հեռացած է անհատականութիւն մը, որ 22 տարի շարունակ արժանապատուօրէն ներկայացուցած է Արցախը եւ ջանք ու եռանդ չէ խնայած աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համախմբման միջոցով ամրապնդելու Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք եռամիասնութիւնը` ի նպաստ հայապահպնման եւ հայկական երկու հանրապետութիւններու հզօրացման ու բարգաւաճման:

«Մեծ է անոր աւանդը նաեւ մատաղ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան մէջ: Կարօ Քեպապճեան մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ որպէս իմաստուն դիւանագէտ, եռանդուն, նախաձեռնող ու վեհանձն անհատ, որ իր կեանքը անմնացորդ կերպով նուիրած է հայրենիքին ու հարազատ ժողովուրդին», կ՛ըսէ Բաբայեան։

comments

Advertisement