Տինքի Սպանութեան Գծով Դատին Վճիռը Արդարութիւն Չբերաւ

By Asbarez | Tuesday, 06 April 2021

0406Dink

ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեանը 26 Մարտին միջակէտ մը դրաւ 14 տարուան պատմութեան մը վերածուած Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան, երբ ամբաստանեալներու վերջին հայցերը լսելէ ետք, դատակազմը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց նախկին ոստիկանապետներ Ռամազան Աքիւրեքը եւ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը։ Այս երկուքը այս պատիժին արժանացան ծրագրուած մարդասպանութեան մեղադրանքով։ Նոյնպէս ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ նախկին սպայ Մուհարրեմ Տեմիրքալէ, որ կը մեղադրուէր ծրագրուած մարդասպանութեան օժանդակելու յանցանքով։ Օքան Շիմշեք, Վէյսել Շահին եւ Տրապիզոնի նախկին ոստիկանապետ Ալի Էօզ 25ական տարի ազատազրկման դատապարտուեցան։

Դատարանը կարգ մը մեղադրեալներու համար բանտարկութեան զանազան պատիժներ տալէ բացի, խումբ մը մեղադրեալներ անպարտ հռչակեց։ Դատական վճիռի յայտարարութենէ ետք, Հրանդ Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլու դատարանի մուտքին մեկնաբանեց տրուած վճիռները եւ անգամ մը եւս նշեց այս դատավարութեան թերացումները։ Նոյն շեշտը դրին նաեւ «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան, «Հրանդի ընկերները» հարթակի բանբեր Պիւլենթ Այտըն եւ «Լրագրողներ Առանց Սահմանի» միջազգային կազմակերպութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Էրօլ Էօնտերօղլու։

Տինք ընտանիքը հրապարակեց մամլոյ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ 14 տարուան դատավարութեան ընթացքին դիտումնաւոր կերպով անտեսուած է այս ոճիրին բուն պատուիրատուները եւ կազմակերպիչները։ «Դատական համակարգին այս աստիճան վարկազրկուած պայմաններու մէջ արդէն կարելի չէր արդարութեան կայացումը։ Մենք՝ իբրեւ Հրանդի ընտանիքը, ընկերները, փաստաբանները եւ անոր դագաղը ուսամբարձ տանող բարեկամները, պիտի չվհատինք այս արդարութեան պայքարին մէջ, մինչեւ որ ամբողջ մերկութեամբ յստականայ այս սպանութեան տեղի տուող մտայնութիւնը», կ՛ըսուի ընտանիքին նշեալ յայտարարութեան մէջ։

Փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու յայտնեց, որ վճիռը առարկելու գործընթացը սկսած է։

comments

Advertisement