By Asbarez | Saturday, 24 April 2021
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Ապրիլ 24ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերջակէտ մը դնելով պատմական այդ իրողութիւնը Ուաշինկթընին ուրանալ տալու Անգարայի ջանքերուն դիմաց։
Իր այս քայլով, Պայտըն միացաւ Քոնկրեսին եւ երկրին 49 նահանգներուն, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕի իր առաւել քան 10 դաշնակիցներուն, որոնք կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ, Պայտըն ամերիկացիներուն անունով իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ նշելով․ «Կը յիշենք օսմանեան շրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը»։
Յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ https://anca.org/press-release/president-biden-rejects-turkeys-gag-rule-recognizes-armenian-genocide/ կայքէջին վրայ։
Նշենք, որ այս յայտարարութենէն մէկ օր առաջ, Պայտըն նախագահ ընտրուելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Էրտողանի հետ՝ անոր փոխանցելով, թէ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց Պայտընի քայլը՝ շեշտելով, թէ այսպիսով Միացեալ Նահանգները ինքզինք կը դնէ հայութեան արդար իրաւունքները ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ճամբուն վրայ՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ այդ նպատակներուն հասնելու համար սերտ գործակցութիւն կը սկսի հայութեան եւ Սպիտակ տան միջեւ, դէմ դնելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն։
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian