Միացեալ Նահանգները Պատրաստակամ Է Աջակցելու Հայաստանի Բարեփոխումներուն

By Asbarez | Wednesday, 14 July 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ ամերիկեան կողմը շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին առթիւ` ընդգծելով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վերջին տարիներուն ձեռնարկուած հետեւողական քայլերը` Հայաստանի ժողովրդավարական ձեռքբերումներու ապահովման առումով: Այս պարունակին մէջ, նախարարը գնահատեց Նիկոլ Փաշինեանի գործադրած ջանքերը` երկրին մէջ նախընտրական շրջանին ստեղծուած լարուածութիւնը խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծելու եւ ընդդիմութեան հետ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ կառուցելու ուղղութեամբ:

Պլինքըն շեշտեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու օրակարգին կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս, փտածութեան դէմ պայքարին եւ արդարադատութեան ոլորտին մէջ՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ է շարունակելու օժանդակութիւնը այս ուղղութեամբ: Նոյն ժամանակ ան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը խարսխուած է ժողովրդավարական արժէքներուն վրայ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններուն, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ ոստիկանութեան գործունէութեան մեկնարկին ուղղութեամբ՝ յոյս յայտնելով, որ ամերիկեան օժանդակութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ ամբողջացնելու այդ գործընթացը:

Փաշինեան գնահատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլ Ռիքըրի` մէկ ամիս առաջ Ատրպէյճանէն հայ գերիներու վերադարձի գոռծընթացին մէջ ներդրած ջանքերը: Իբրեւ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման առանցքային հարցեր` ան կարեւոր նկատեց գերիներու վերադարձի եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու դուրս բերման հարցերը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել բոլոր գերիներու վերադարձը ապահովելու համար: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ ան յոյժ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան վերականգնումը` ընդգծելով խաղաղ գործընթացի յստակ օրակարգի մշակման անհրաժեշտութիւնը, որ կարելիութիւն պիտի տայ գտնելու հակամարտութեան կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծում:

Այս պարունակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւս շեշտեց, որ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ եւ կը պահանջէ համապարփակ լուծում, որուն կարելի է հասնիլ բացառապէս Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ:

Ամերիկեան կողմը նշեց, որ համաձայն է վարչապետի պաշտօնակատարի այն դիտարկման, որ սթաթուս քոն չի կրնար կայուն ըլլալ, եւ Մինսքի խումբի համանախագահութեան համար անհրաժեշտ է յստակ օրակարգ, որ պիտի նպաստէ բանակցութիւններու յաջողութեան:

comments

Advertisement