Եւրոպական Խորհրդարանը Ընդունեց Արցախի Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը Պահպանելու Մասին Բանաձեւը

By Asbarez | Monday, 14 March 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհրդարանը 10 Մարտին, ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունեց Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու վերաբերեալ մէկ օր առաջ ներկայացուած բանաձեւը:

Բանաձեւը կը դատապարտէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ պաշտպանելու Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Արցախի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին, ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ յարձակումի ենթարկուած են բազմաթիւ կրօնական վայրեր, ինչպէս՝ Ջրականի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ տաճարը: Կ՛ընդգծուի նաեւ, որ Հայտար Ալիեւի եւ աւելի ուշ անոր որդիին՝ Իլհամ Ալիեւի օրով Ատրպէյճան Նախիջեւանի մէջ ոչնչացուցած է շուրջ 100 հայկական եկեղեցիներ, հազարաւոր խաչքարեր, տասնեակ հազարաւոր տապանաքարեր եւ մշակութային ժառանգութեան այլ առարկաներ:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի պետական մակարդակով տարուող հայատեաց քաղաքականութիւնը, կը յայտնէ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան՝ աւելցնելով, որ բանաձեւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով օգտագործուած է «արմէնոֆոպիա» (հայատեացութիւն) եզրը:

«Վերջին ամիսներուն, Եւրոպացի պատգամաւորներու հետ տարուող շարունակական եւ նպատակաուղղուած իրազեկման աշխատանքը՝ թէ՛ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, թէ՛ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին կողմէ տուին իրենց արդիւնքը: Անոր նպաստեց նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի այցելութիւնը Պրիւքսէլ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Փետրուարին, Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի վերակազմութիւնը, ինչպէս նաեւ Յունուարին, Հայաստանի նախկին Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի այցելութիւնը Պրիւքսէլ», շեշտեց Կարապետեան:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Ատրպէյճանի հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան դրսեւորումներէն են նաեւ պատմութեան խեղաթիւրումը, հայերու դէմ  բռնութիւններու փառաբանումը եւ Հայաստանէն տարածքային պահանջները, որոնք կը վտանգեն Կովկասի խաղաղութիւնը:

Հոն նաեւ կը նշուի, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակի հարցը տակաւին կարգաւորուած չէ եւ պէտք է յստակացուի ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին առաջնորդած բանակցութիւններով:

Բանաձեւը Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ՝ համագործակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի հետ՝ ապահովելու համար փաստահաւաք առաքելութեան անարգել մուտքը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Արցախի մէջ եւ անոր շրջակայքը՝ ամբողջութեամբ կատարելով հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը:

Նաեւ, բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ, ըստ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2347 (2017) բանաձեւին, ապօրինի յարձակումները կրօնի, կրթութեան, արուեստի, գիտութեան, ինչպէս նաեւ պատմական յուշարձաններու վրայ կրնան զինուորական յանցագործութիւն ըլլալ, եւ նման յարձակումներու հեղինակները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին:

Բանաձեւով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի՝ միջազգային ընտանիքին աջակցութեամբ ապահովելու միջազգային օրէնքի խախտման բոլոր մեղադրանքներու արդիւնաւէտ հետաքննութիւնը, ներառեալ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցով եւ այնպիսի յարձակումներու, ինչպէս՝ 8 Հոկտեմբեր 2020ին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ տաճարին վրայ գործուածը:

Բանաձեւը նաեւ երկու երկիրները, յատկապէս Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը յորդորէ դադրեցնելու ատելութեան եւ ցեղային խտրականութեան քարոզչութիւնը դասագիրքերու, ընկերային ցանցերու, նաեւ՝ Ատրպէյճանի, այսպէս կոչուած, «Ռազմական աւարի պուրակ»ին միջոցով եւ աշխատելու երկու հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան ու իրարու մշակոյթին նկատմամբ յարգանքի վերականգնման ուղղութեամբ:

comments

Advertisement