Ատրպէյճան Կը Շահագործէ Ուքրանիոյ Տագնապը. Պարոնուհի Քոքս

By Asbarez | Wednesday, 23 March 2022



Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամներուն յատուկ The House հարթակին վրայ հրապարակած է յօդուած մը՝ անդրադառնալով Ուքրանիոյ պատերազմին եւ Արցախի ճակատագիրին:

«Աշխարհի Հայեացքը Դէպի Ուքրանիա՝ Ատրպէյճան Ամբողջապէս Կ՛օգտուի» վերնագիրով յօդուածը ըստ էութեան մարդկութեան զգօնութեան կոչ մըն է, որուն միջոցաւ հեղինակը կը ներկայացնէ արցախեան գոյապայքարի պատմականը՝ իր ականատեսի փորձառութեան ընդմէջէն, կը շօշափէ «մոռցուած տարածք» Արցախի հակամարտութեան դրոյթները՝ 1920էն ցայսօր․ անիկա մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ այնտեղ գործադրուած պատերազմական եւ մարդկային ոճիրները, ու աւարտին կանխատեսութիւն մը կը կատարէ մօտալուտ ցեղասպանութեան մը հաւանականութեան վերաբերեալ:

«Ռուսական զօրքերուն՝ Ուքրանիա ներխուժումէն ետք, այժմ լայն եւ շօշափելի մտավախութիւն կայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի զինադադարը չպահպանուի։ Յաճախ կը կրկնուի, որ «Արցախը նախազգուշութեան բարձր մակարդակի մէջ է». այս հինաւուրց հայկական տարածքը կրնայ ընդմիշտ անհետանալ։ Մինչ աշխարհի հայեացքը ուղղուած է դէպի Արեւելեան Եւրոպա, Ատրպէյճան ամբողջապէս կ՛օգտուի Հարաւային Կովկասի մէջ», կը գրէ Քոքս:

Պարոնուհին կը շեշտէ, որ ատրպէյճանցիները բարձրախօսներով կը հրահանգեն հայ գիւղացիներուն հեռանալ իրենց տուներէն: Կիներ եւ մանուկներ արդէն իսկ դուրս կը բերուին Մարտունիի եւ Ասկերանի գիւղերէն, մինչ ատրպէյճանական ուժերը կը շարունակեն զինատեսակներ եւ մարդուժ կուտակել: Աւելին, Ատրպէյճան 8 Մարտէն սկսեալ դադրեցուցած է  բնական կազի մատակարարումը, եւ առաւել քան 15,000 քաղաքացիներ զրկուած են ջեռուցումէ։ Ատրպէյճան կ՛արգիլէ նաեւ Լաչինի միջանցքին ազատ գործածութիւնը, նոյն ժամանակ կը ձգտելով Հայաստանէն  յաւելեալ զիջումներ խլել։ Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ Ռուսիոյ կարճաժամկէտ ներկայութիւնը երաշխաւորէ Արցախի երկարաժամկէտ ապահովութիւնը։ Քաոսի եւ անորոշութեան մէջ Ատրպէյճանպիտի շահի… Արեւմտեան կառավարութիւնները՝ ներառեալ Մեծն Բրիտանիան, անտարբեր են, մինչդեռ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կանգնած են իրենց պատմական հողերուն վրայ ցեղային զտումի ենթարկուելու  վտանգին  ընդառաջ», կ՛եզրակացնէ 87 անգամ Արցախ այցելած պարոնուհին:

comments

Advertisement