By Asbarez | Monday, 25 April 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ տարելիցին ընդառաջ խորհրդարանի քննարկման ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կ՛ենթադրէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սահմանել պատասխանատուները, հանրային վայրերէն հեռացնել Ցեղասպանութեան մեղաւորներու անունները, փոխարէնը այդ վայրերը անուանակոչել Ցեղասպանութեան ընդդիմացած քաղաքացիական ծառայողներու անուններով, տուժածներուն եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն շնորհել:
«Հայ ժողովուրդի Մեծ Եղեռնը անոր իրագործման վայրին՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պէտք է քննարկուի, անուանակոչուի եւ արդարութիւն հաստատուի: Եթէ այդ տեղի ունենայ, այլեւս կարեւոր չ՛ըլլար, թէ այլ երկիրներու ղեկավարները եւ խորհրդարանները ի՛նչ կ՛ըսեն այս հարցին վերաբերեալ: Հայ ժողովուրդի վէրքը միայն թրքական հասարակութիւնը կրնայ ամոքել: Հայոց Ցեղասպանութիւնը այս հողերուն վրայ կատարուած է, եւ արդարութիւնն ալ միայն այստեղ` Թուրքիոյ մէջ կրնայ հաստատուիլ», ըսաւ Փայլան իր բանաձեւը ներկայացնելու ընթացքին։
comments
Եւրոպական Խորհրդարանը Պէտք Է Յստակօրէն Քննադատէր Թուրքիոյ Ապակառուցողական Դերը Արցախի Տագնապին Մէջ
Մխիթարեան Եռագոյնով Տօնեց Ռոմայի Յաղթանակը
Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ
Պահչելի Փայլանին Խորհուրդ Կու Տայ Թուրքիայէն Հեռանալու
Newsweek-ի Յօդուածագիրը Պաքուի Վայրագութիւնները Անտեսելու Յանցանքով Կը Մեղադրէ Պայտընը