By Asbarez | Thursday, 05 May 2022
Թուրք ազգայնամոլ գործիչ եւ տխրահռչակ «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորումի քաղաքական թեւը համարուող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի անդրադարձաւ խորհրդարանի ընդդիմադիր հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի կողմէ ներկայացուցած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջարկին:
Հետեւելով նախագահ Էրտողանի օրինակին, ան ըսաւ, թէ Փայլանի առաջարկը «դաւաճանութիւն» է, որուն համար խորհրդարանը Փայլանէն պէտք է խլէ պատգամաւորական իրաւասութիւնները։ «Ինքը (Փայլան) պէտք է ըսէ՝ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը իմ տեղս չէ: Ուր կը փափաքի երթալ, թող կապ հաստատէ այնտեղի հայկական Սփիւռքին հետ: Իրեն խորհուրդ կու տամ Ամերիկա երթալ», ըսած է Պահչելի:
comments
Եւրոպական Խորհրդարանը Պէտք Է Յստակօրէն Քննադատէր Թուրքիոյ Ապակառուցողական Դերը Արցախի Տագնապին Մէջ
Մխիթարեան Եռագոյնով Տօնեց Ռոմայի Յաղթանակը
Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ
Newsweek-ի Յօդուածագիրը Պաքուի Վայրագութիւնները Անտեսելու Յանցանքով Կը Մեղադրէ Պայտընը
Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը