By Asbarez | Thursday, 05 April 2012
ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քրտաբնակ տարածաշրջանին կեդրոնը հանդիսացող Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ գտնուող 142 տարուան հայկական բողոքական եկեղեցին, վերանորոգուելէ ետք վերածուած է արհեստանոցի:
Քրտական «Ֆրա»չ լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ եկեղեցին վերանորոգուած է Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան կողմէ, որմէ ետք որոշուած է զայն դարձնել կանանց կրթական կեդրոն մը, ուր երիտասարդ կանանց արծաթագործութիւն եւ մետաքսագործութիւն կը սորվեցնեն:
Նախագիծի տնօրէն Պիլկին Եիղիթ յայտնած է, թէ իրենց նպատակն է վերականգնել շրջանէն հեռացած հայերու եւ ասորիներու արհեստները: «Եկեղեցւոյ տէրերուն գաղթէն ետք, տարածաշրջանէն վերացան նաեւ անոնց արհեստները: Մենք որոշեցինք եկեղեցիին մէջ այդ արհեստներուն յատուկ դասընթացքներ սկսիլ: Հոս տարեկան 300 երիտասարդ կանայք մասնագիտութիւն ձեռք պիտի բերեն», ըսած է ան:
Քրտական լրատուական գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ «հայկական եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջին փոխարէն, այժմ հոն կը լսուին մուրճի եւ կարի մեքենաներու աղմուկը»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan