By Asbarez | Friday, 30 April 2021
ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չփորձեց մեղքը բարդել Թուրքիոյ վրայ, երբ խօսեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ըսաւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, օտար լրագրողներու հետ առցանց հանդիպման ընթացքին։
«Նախագահին յայտարարութիւնը պէտք չէր անակնկալ ըլլար: Ան նոյնը ըսած է տարիներ շարունակ` իբրեւ ծերակուտական եւ նախագահի թեկնածու: Նախագահը առաջին իսկ օրէն ցոյց տուաւ իր վճռականութիւնը՝ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ: Այս քաղաքականութեան մէկ մասը կ՛ենթադրէ համոզուիլ, որ կայ պատմութեան ըմբռնում եւ գիտակցութիւն անցեալի ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ` անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար: Ինչպէս կ՛ընդգծէ նախագահը՝ յայտարարութեան իմաստը զոհերուն յիշատակը յարգելն է եւ ոչ թէ մեղադրանք առաջադրելը», ըսաւ Պլինքըն, պատասխանելով «Հիւրրիյէթ»ի թղթակիցին` թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացման վերաբերեալ հարցումին՝ աւելցնելով. «Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի կարեւոր դաշնակից է: Մենք հանդէս կու գանք իբրեւ գործընկեր շրջանային եւ համաշխարհային բազմաթիւ հասարակաց շահերու հարցերու մէջ: Եւ ինչպէս բազմաթիւ երկիրներու պարագային, մեր միջեւ եւս տարակարծութիւններ կան»:
«Ռոյթըրզ»ը կը հաղորդէ, որ Պլինքըն նաեւ յայտարարեց հետեւեալը. «Նաեւ շատ կարեւոր է, որ ապագային, Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներու բոլոր դաշնակիցները եւ գործընկերները խուսափին ռուսական զէնքեր գնելէ»:
comments
OPED: 100,000 Indigenous Armenian Refugees Exiled After Azerbaijan Terror
Australia Live By Armenia Media: Tim James & Hugh McDermott
Australia Live By Armenia Media: Ohanes Ohanesian
Armenia Media with Academy for Early Learners West Pymble
Australia Live By Armenia Media: Simon Der Sahagian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Adele Kradjian & Arminee Karabetian
Australia Live By Armenia Media: Vatche Nadjarian