Այսօրուան ճամբաս, Պուրճ Համուտէն դէպի Պէյրութի կեդրոնը

By Armenia Media | Wednesday, 29 September 2021



Սիլվա Իսկիկեան Մահսերեճեան


Այսօրուան ճամբաս՝ Պուրճ Համուտէն դէպի Պէյրութի կեդրոնը, տարբեր էր ընթացիկ օրերէս...: Ցաւով դիտեցի քանդուած, լքուած ու տագնապահար քաղաքիս պատկերը: Մեղադրանքով ու վրդոված սրտով, այպանեցի տիրող իրավիճակին հեղինակները..: Տանջող հարցում մը, որուն պատասխանը կը փորձեմ գտնել՝ Ինչո՞ւ այս վիճակը եւ ո՞ւր թերացանք մենք՝ Լիբանանցիք:

Լիբանանի այսօրուան իրավիճակը կը նմանի ժայթգած հրաբուխի մը, որպէս արդիւնք ծաւալուն եւ ժխտական կուտակումներու : Երկարամեայ տիրող անօրէնութիւնը, թերի կառավարումները, Լիբանանի շահերը առաջնահերթ չնկատելը, օտար քաղաքականութիւններուն հաւատարմօրէն նուիրուիլը, աթոռապաշտութիւնը, համաքաղաքացի եղբօր հետ թշնամութիւնը, կուսակցական ու դաւանանքային շահերը առաջնահերթ սեպելը ...տեղի տուին այսօրուան ցաւալի ու աղէտալի պատկերին:

Անհերքելի իրականութիւն է, որ Լիբանան՝ միջին արեւելքի մէջ, իր աշխարհագրական կարեւոր դիրքով, կ՚ազդուի շրջանին եւ արտաքին աշխարհին քաղաքական իրադարձութիւններէն: 1975- ին սկսած քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մինչեւ օրս, կը լսենք այս խօսքը. «Ուրիշներուն պատերազմը՝ Լիբանանի հողին վրայ» : Այսօր, ա՛յդ խօսքին թարգմանութիւնը, պատճառած տագնապները, առաւելաբար եւ յստակօրէն կը տեսնենք ու կ՚ապրինք..:

Սակայն, այսօ՛ր առաջնահերթ կը գտնեմ, խիզախօրէն կեդրոնանալ Լիբանանի ներքին անցուդարձներուն՝ ՄԵ՛Ր թերացումներուն վրայ: Որպէս Լիբանանի պետական դէմքեր եւ քաղաքացիներ, որքանո՞վ պատճառ դարձանք եւ կամ «նպաստեցինք»՝ այժմու տիրող ժխտական իրավիճակին...:

Դժբախտաբար, այսօր մեր պետական դէմքերը՝ կորսնցուցած են իրենց պաշտօնին լրջութեան ըմբռնումը, Լիբանանին հանդէպ պատկանելիութեան զգացումը եւ առաւելաբար խիղճը: Յղփացած են միմիայն իրենց աթոռներով, ԵՍի պաշտամունքով եւ կը միտին այդ աթոռը ամուր եւ անխախտ պահել, սակարկութիւններ ընել, շահեր կորզել եւ անշուշտ աթոռը «շնորհողին» ընդմիշտ հարկատու մնալ: Այս բոլորը ի գին քաղաքացիին արժանապատուութեան, ապահովութեան, արդար հացի պատառին, տարրական ու կենսական անհրաժեշտութիւններուն..: Զարմանալի անտարբերութեամբ կը վարուին եւ քաղաքացիին օրէ օր ծաւալող ցաւերուն հանդէպ, խուլ եւ կոյր կը ձեւանան: Իրենց մեղադրելի ու քննադատելի կեցուածքով՝ արաբերէն ասացուածք մը կը յիշեցնեն. «Ծնան ու մոռցան քեզ»: Վա՛յ քեզի լքուած զաւակ՝ մոռցուած Լիբանանի քաղաքացի:

Գալով քաղաքացիին՝ արժեւորումս կ՚արտայայտեմ Ֆրանսերէն ասացուածքով մը, որուն թարգմանութիւնն է. « Ինձմէ անդին ջրհեղեղ»: Երեւի անտարբեր պետութեան մը զաւակը ըլլալով, ստիպուած որդեգրած է ձեւեր, որպէսզի կարենայ գոյատեւել: Կ՚ապրի անտառի օրէնքներով՝ զօրաւորը տկարը շահագործելով, իրարմէ ռազմական աւար խլողի հոգեբանութեամբ: Կը նախընտրէ կոկիկ գումարով մը պետական պաշտօնեան կաշառել, քան թէ պետական սնտուկին, իրեն բաժին ինկած տուրքը վճարել: Անպատասխանատու քուէարկութեամբ իր ղեկավարները ընտրել: Դրամատան տուած անտրամաբանական տոկոսներուն, կասկածով չմօտենալ: Բողոքի փոխարէն լռել եւ անարդարութեան դիմաց աչք խփել: Իր քաղաքացի եղբօր վիճակուած նպաստը իւրացնել, անօրինաբար ամբարել ու ծախել: Հիւանդը դեղորայքէ զրկել ու մանուկը՝ արդար կաթէն: Անհեթեթ համարել՝ առհասարակ օրէնքներու ենթարկուիլը, հերթ սպասելը, ինքնաշարժ վարելու կանոնները, իր տան սահմաններէն դուրս՝ քաղաքը մաքուր պահելը, դրացիին հանգիստը հաշուի առնելը..: Կարեւորը ի՛նքը, ի՛րը, ե՛սը...:

Մե՛նք՝ Լիբանանցիք, պետական դէմքեր եւ ժողովուրդ, քաղաքացիական դաստիարակութեան կարիքը ունինք: Մեր թերիները սրբագրելու անխուսափելի պարտաւորութիւնը եւ անյապաղ անհրաժեշտութիւնը: Մէկը միւսը այպանել եւ յանցանքի «շապիկը» վրայէն նետելը՝ սնոտի «հնարամտութիւն» է: Մեղադրանքը վայել է ամբոխին, իսկ ինքնաքննադատութիւնը՝ քաղաքակրթութիւն ցանկացողին:

Այսօր հաստատ գիտեմ, որ այս երկրին մէջ տիրող յոռի բարքերը, անօրէնութիւնը, ներքին անհամերաշխութիւնը... աւելի շատ վնաս պատճառեցին մայրիներու չքնաղ երկրին, քան թէ արտաքին աշխարհի ժխտական անդրադարձներն ու ազդեցութիւնները:

comments

Advertisement