Օտար Մամուլի Հետքերուն Վրայ.- Ինչպէս Կը Դիտուին Արցախի Հարցը Եւ Հայաստանի Կացութիւնը

By Hayrenik | Wednesday, 11 May 2022

Յ. Պալեան

Ընդվեցուցիչ է, որ մինչեւ այսօր, միջազգային եւ քաղաքական շրջանակները եւ մամուլը, ամէն անգամ որ կը խօսին Արցախի մասին, կը շարունակեն ըսել՝ հայկական enclave, Հայաստան պարզապէս կ’ըսեն անկլավ, այսինքն երկրի մը մէջ գտնուող, պարփակուած օտար ոչ-ազգային շրջան:

Այսինքն՝ ամբողջ Արցախը ատրպէյճանական համարուած հողամասի մէկ մասն է, ուր հայեր կը բնակին կամ բնակած են:

Կարծէք դիտաւորեալ կերպով,- չեմ ուզեր ըսել՝ տգիտութեամբ,- կամ՝ դիւանագիտական ճապկումով եւ շահախնդրութեամբ, կ’ըսեն անկլավ եւ անջատողական, դիտաւորեալ անգիտութիւն, որ «Լեռնային Ղարաբաղ» կոչուած տարածքը չ’ընդունիր որպէս պատմականօրէն Հայաստան:

Կացութիւնը աւելի ճիշդ կը գնահատէին, եթէ հրաժարէին պատմութիւնը եւ իրականութիւնները դիտելէ եւ գնահատելէ թուրք-մոնկոլական ներխուժումներու ժամանակէն առաջ, կամ, աւելի պարզ, ստալինեան քարտէսագրութենէն առաջ: Այդ քարտէսագրութիւնը ո՛չ ժողովուրդներու իրաւունք է եւ ո՛չ ալ պատմական ճշմարտութիւն, այլ՝ տնտեսական շահերու հետապնդում կամ ազդեցութեան գօտիներու պահպանում, երկուքն ալ միասին:

Պէտք է խոստովանիլ, որ մենք, հայկական քաղաքական միտքը եւ անոր հետեւող քարոզչական-լուսաբանական աշխատանքը, բաւարար աշխատանք չեն կատարած թիւրիմացութիւնները սրբագրելու, եթէ նոյնիսկ անոնք սոսկ այդպիսին են: Միջազգային մամուլը եւ քաղաքական ըմբռնումները, շահախնդրութեամբ կամ տգիտութեամբ, չեն ուզած առաջնորդուիլ պատմական ճշմարտութեամբ:

Եւ Արցախը, ռուսական անուանումով՝ Նակորնօ Ղարաբաղ, դարձած է միակ միջազգայնօրէն ընդունելի սահմանումը, որ կը ծառայէ (չ)իրաւունքներ ճշդելու: Եթէ յաջողած ըլլայինք ընդհանրացնել եւ միջազգայնացնել ԱՐՑԱԽ եզրի գործածութիւնը՝ փոխան Նակորնօ Ղարաբաղի, դիւանագիտական եւ այլ  բանակցութիւննեը կ’ունենային տարբեր որակ: Անոնք հայացած կ’ըլլային: Չէին ըսեր անկլավ, կ’ըսէին ներխուժռղներու կողմէ բռնագրաւուած տարածք: Հանրային կարծիքը չէր վարռուեր անջատողական, séparatiste եզրին:

Այս մասին մտածեցի, երբ կրկին, Հայաստանի իրադարձութիւններու մասին ֆրանսական մամուլին մէջ կարդացի, որ «Հայաստանի մէջ, ընդդիմութեան ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած են 200 անձեր»:

Կը հետեւի բացատրութիւնը. «200է աւելի անձեր ձերբակալուած են, երեքշաբթի 3 մայիսին, Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած ընդդիմութեան ցոյցերու ընթացքին, ամբաստանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ կ’ուզէ լքել Ատրպէյճանի անջատողական անկլավ Նակորնօ Ղարաբաղը»:

Թերթը կ’ըսէ, որ 206 անձի ձերբակալութեան լուրը հաղորդած է Հայաստանի ներքին նախարարութիւնը: Պատմական-քաղաքական ճշմարտութենէն աւելի հետաքրքրական կը համարուին ցոյցերն ու ձերբականլութիւնները: Այսպէս է արեւմտեան-ժողովրդավարական ակնոցէն ստացուած պատկերը:

Թերթը կը գրէ նաեւ, որ ձերբակալութիւնները եղած են Երեւան եւ շրջաններու բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ, ցուցարարները փակած են ճանապարհները, պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Թերթը կը գրէ նաեւ. «Փաշինեան դաւաճան է, եւ փողոցի ցոյցերը մնայուն են, եւ պիտի պարտադրեն, որ ան հրաժարի, յայտարարած է Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը»:

Ֆրանսական թերթը կ’արձանագրէ. «Նիկոլը պէտք է հեռանայ, պիտի հեռանայ, քանի որ ան խորհրդանիշն է պարտութեան եւ Հայաստանը ապագայ չունի նման ղեկավարի մը հետ», կը պոռայ ցուցարար մը, Սէրգէյ Յովհաննիսեան, 57 տարեկան, «ան պատրաստ է լքելու Ղարաբաղը, որուն համար մենք արիւն թափած ենք», ան ընդվզած կը յայտնէ Ֆրանսական Մամլոյ Գործակալութեան (AFP):

Ֆրանսական թերթը կը խօսի նաեւ «վեց շաբաթ տեւած պատերազմի մասին, որ պատճառ եղած է 6500 մահերու», որ դադրած է «ռուսական միջնորդութեամբ», «որուն հետեւանքով Հայաստան զիջած է ընդարձակ տարածքներ զորս կը հակակշռէր 1990ի սկիզբի յաղթական պատերազմէն ի վեր եւ ռուսական խաղապահ ուժեր տեղակայուած են Նակոռնօ Ղարաբաղ»:

Թերթը կը յեշեցնէ, որ Ապրիլին «հայ վարչապետը» յայտարարած է Ազգային Ժողովին առջեւ, որ «միջազգային հանրութիւնը կոչ ըրած է Հայաստանի նուազեցնել իր պահանջները՝ ինչ կը վերաբերի Նակորնօ Ղարաբաղի», արտայայտութիւններ, «զորս ընդդիմութիւնը դատապարտած որպէս արտայայտութիւնը այս հողամասը ամբողջութամբ Ատրպէյճանի զիջելու կամքի մը»:

Ֆրանսական թերթի պարագան այլապէս հետաքրքրական է: Ան հանդիսատեսի հակիրճ արտայայտութիւններով կը ներկայացնէ քաղաքական հարցը եւ երկրի ներքին տագնապը: Բայց չի դիրքորոշուիր: Ուքրայինայի պարագային միջազգային մամուլը չբաւարարուեցաւ չեզոք տեղեկատուութեամբ, դատապարտեց, դիրքորոշուեցաւ: Մեր ազգը, եւ պետական գործիչները մասնաւորաբար, մի՛շտ ներսի եւ դուրսի, ինչո՞ւ լայնածիր եւ համակարգուած աշխատանք չեն տանիր ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԴՆԵԼՈՒ ԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ, յայտարարելով, որ այս ձեւ ԵՐԿՈՒ ՉԱՓ ԵՐԿՈՒ ԿՇԻՌԻ վերաբերումը անբարոյութիւն է: Կրկնակի անբարոյութիւն, քանի որ Արցախի հանդէպ միջազգային բացասականութիւնը  կը սնանի «փեթրոտոլարներ»ով: Յաճախ, անուն-մականունով խօսուեցաւ կաշառուածներու մասին:

Մեր հայկական լրատուութիւնը անբաւարար է: Նոյնիսկ մեր օտարալեզու հրատարակութիւնները կը ծառայեն ներքին սպառման, միջազգային հանրութեան չեն հասնիր:

Մեր բազմագոյն ղեկավարութիւնները, ներառեալ Հայաստանը, այս «պակասին» իրաւ եւ օգտաշատ լուծում պէտք է տան: Տուած ըլլային:

Ինչպէ՞ս: Ի՞նչ միջոցներով:

Բայց ի՞նչ բանի համար են ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւնները:

Նպատակ պէտք է ունենալ ընելու այնպէս, որ մեր ՀԱՐՑը ի միջի այլոց պատահական խնդրի մը վիճակէն դուրս գայ, դադրի այլ հարցերու լուծման պարագային փոխանակութեան մանրադրամ ըլլալէ:

Որպէսզի ՀԱՅՈՒՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԸԼԼԱՅ Ի՛Ր ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ, ԱՆ ԸԼԼԱՅ ԱՐՑԱԽ, ՎԱՆ-ԱՂԹԱՄԱՐ, ԹԷ՝ ԱՆԻ:

Իրաւունքը փերեզակի պէս չեն սակարկեր, կը պահանջեն, չեն զիջիր, անոր համար ասդին անդին նշաձող չեն դներ: Իրաւունքը բանջարեղէնի առեւտուր չէ, որպէսզի նուազագոյն կամ առաւելագոյն գիներ որոշուին:

Արցախը հայու բաց գիրք հայրենիք է:

Այդպէս են նաեւ Անին իր պարիսպներով եւ տաճարներով, Վանը՝ երկինքին նայող Աղթամարով:

Միջազգային հանրութիւնը ինչպիսի՞ քարտէսագրութեան մը պէտք է հաւատայ, քարտէս գծէ եւ խղճի հանդարտութեամբ ըսէ, թէ ո՞ւր է արդարութիւնը:

Եւ առաջին հերթին, մենք պէտք է մերժենք բիրտ ուժով եւ փեթրոտոլարներով գծուած սահմանները: Այդպէս կ’ըլլայ Հայաստանի ազգային քաղաքականութիւնը:

comments

Advertisement