Թող որ Սարդարապատի զանգի ղօղանջները զարթնեցնեն գնած լաօները

By armenia.com.au | Friday, 03 June 2022




Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Ներսէս Պալիօզեանի արտասանած խօսքը Կիրակի 29 Մայիսին տեղի ունեցած դաշտահանդէսի ընթացքին:




«Արիւնից ծորած երիզ մի կար կարմիր,

Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,

Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,

Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ մենք արեամբ գրեցինք Մահ կամ Ազատութիւն»

Գերաշնորհ Սրբազան Հայր

Արժանապատիւ Տէր Հայր

Յարգելի Վերապատուելի

Յարգարժան Ազատ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ

Պատուարժան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ

Սիրելի ներկաներ

Հաճելի է աւելի քան երկու տարիներ ետք տեսնել նման հոծ բազմութեամբ համախմբում մը: Վերջին երկու տարիներուն շատ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան համաշխարհային առումով ընդհանրապէս ու ազգային եւ համահայկական առումով յատկապէս:

Իւրայատուկ կերպով անցնող երկու տարիները դրոշմուած պիտի ըլլան մեր բոլորին մտքերուն մէջ ու անոնց դողած ազդեցութիւնը ու վէրքը դիւրին սպիացող պիտի չըլլայ:

Քորոնա ժահրի տարածումով մեր գաղութային եւ կազմակերպական կեանք անբաղձալի կացութեան մը առջեւ գտնուեցաւ: Սակայն այս համաճարակն ալ չի կարողացաւ կասեցնել մեր կազմակերպական մեքենան: Ֆիզիկական ժողովները, կրթական հաստատութիւններու դասաւանդութիւնները, պարի փորձերը, սկաուտական աշխատանքները, պահանջատիրական ծրագիրները, մշակութային եւ կազմակերպական միջոցառումները փոխարինուեցան առցանց աշխատանքներով: Գաղութը շուտով համակերպեցաւ իրեն վրայ պարտադրուած այս կացութեան: Մեր կազմակերպութիւնները ոչ միայն իրենց ընթացիկ աշխատանքները լաւագոյն ձեւով կատարեցին այլ աւելին հասան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մեր հայրակիցներու օժանդակութեան: Նոյն թափով եւ աշխուժութեամբ եւ այս անգամ քիչ մը աւելի փորձառութեամբ մեր կազմակերպութիւնները շարունակեցին իրենց աշխատանքները համաճարակի երկրորդ ալիքի ընթացքին:

Համաճարակի երկու ալիքներու միջեւ Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային իրադարձութիւններ տեղի ունեցան: Ծաւալապաշտական ու իրենց վաղեմի երազը կատարելու նպատակներէն մեկնելով Ազրպէյճանը յարձակեցաւ Ազատ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ: 44 օրերու վրայ երկարող այդ պատերազմի ընթացքին մեր գաղութը եւ համայն Հայ ժողովուրդը մէկ դի դնելով իրենց գաղափարական ու քաղաքական տարբերութիւնները մէկ մարդու նման բռնցքուելով բարձրացուցին պահանջատիրութեան ջահը եւ կեցան ու մինչեւ այսօր կը շարունակեն մնալ Արցախահայութեան կողքին:

Հաւանաբար Ցեղասպանութենէն ետք Արցախեան 44օրեայ պատերազմը մեծագոյն հարուածն էր մեր ազգին: Անոր դողած մարդկային ու հողային կորուստները եղան այդ վէրքը որ շարունակական ցաւի աղբիւր է սակայն միեւնոյն ժամանակ անհաշտ պայքարի ուժի աղբիւր:

Սիրելի ներկաներ,

Այսօր, մենք կը նշենք Հայաստանի առաջին անկախութեան 104 ամեակը: Անկախութիւն մը որ կերտուեցաւ ոչինչ է: Անկախութիւն մը որ հակառակ իր կարճ ժամանակաշրջանին իր ժողովրդավարութեամբ եւ սերունդներու թողած պատգամով վառ օրինակ մը կը մնայ:

104 տարիներ առաջ խումբ մը խենթեր գտան հնարը: Ու հակառակ հայկական ուժերու փոքր թիւին անոնք կրցան շրջանցել կացութիւնը ու իրենց ապրելու կամքով եւ մահ ու կենաց կռիւ մղելով կերտեցին յաղթանակը:

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: «Մենակ ենք ու պէտքէ ապաւինենք միայն մեր ուժին» կը պատգամ էր Արամը: 2 տարիներ առաջ Արցախեան պատերազմին եւս մենք մենակ էինք ու պէտք է ապաւինէինք մեր ուժին:

Սարդարապատի պատի տակ կանք առնողները շարունակեցին իրենց պայքարը ու այս անգամ կանգ առին Շուշիի Ղազանցեցոչ եկեղեցւոյ պատին տակ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պարգեւած Մայիսեան յաղթանակներու պատգամը յստակ է Յարատեւ կռիւ ու Յարատեւ պայքար ընդեմ մեր գոյութիւնը սպառնացող վտանգներուն:

Մայիսեան յաղթանակով Հայը իր նշաձողը բարձրացուց: Արցախի անկախութեամբ այդ նշաձողը բարձր պահեց:

Այսօր անգամ մը եւս Հայ ժողովուրդն ու ազգը կը գտնուի ճգնաժամի դիմաց: Մեր Հայրենիքին սպառնացող հիմնական վտանգ կը մնայ մեր արիւնարբու թշնամին որ այս անգամ բանակցութեան սեղաններու միջոցաւ կը փորձէ կատարելագործել այն նոյն ծրագիրը որ աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ սկսած էր: Դժբախտաբար մեր հայրենիքի իշխանութիւնները իրենց քաղաքական տհասութեամբ մեր ազգը պիտի տանին դէպի անդունդ:

Կը տանին դէպի անդունդ քանզի ոտնակոխելով Ցեղասպանութեան արդար հատուցումն ու Ազատ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքները եւ բանակցիլ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ վստահելով անոնց բարի կամեցողութեան քաղաքական արկածախնդրութիւն է: Վկայ Սումկայիթի ջարդերն ու Նախիջեւանի խաչքարերը: Այսօր աւելի քան երբեք ժամանակը չէ այդ արկածախնդրութիւններուն:

Ցեղասպանութիւնը, Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ Արցախի Հայկականութիւնը սակարկութեան առարկայ չեն եւ ՎԵՐՋ:

Յարգելի ներկաներ,

Յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու անոր հովանին տակ գործող մարմիններուն կու գամ յայտարարելու թէ մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը ու պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները գօտեպնդուած Մայիսեան անկախութեան պատգամով:

Պիտի շարունակենք պայքարիլ յանուն Ցեղասպանութեան արդար հատուցման:

Պիտի շարունակենք պայքարիլ յանուն Արցախին ու Արցախահայութեան: Այն նոյն Արցախահայութիւնը որ 30 տարիներ առաջ իր ինքնորոշման ձայնը բարձրացուց:

Պիտի շարունակենք պայքարիլ մեր թշնամիներուն դէմ ըլլան անոնք ներքին թէ արտաքին:

Պիտի շարունակենք պայքարիլ բարձր պահելու մեր յաղթանակներու նշաձողը ու պայքարիլ ընդեմ բոլոր անոնց որ կը փորձեն ու կը համաձայնին այդ նշաձողը տապալելու:

Այս պայքարին մէջ, սիրելի հայրենակիցներ մենք կ'ակնկալենք մեր գաղութի զաւակներուն անսակարկ աջակցութիւնը եւ կոչ կ'ուղենք Ձեր բոլորին միանալու մեր այս պայքարի ու պահանջատիրական աշխատանքին մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին Ազատ, Անկախ, Միացեալ, Ժողովրդավար ու Արդար Հայաստանի կերտման:

Շնորհաւոր Մայիս 28 թող որ Սարդարապատի զանգի ղօղանջները զարթնեցնեն գնած լաօները:

Բիւր յարգանք հայրենիքի ազատութիւնը կերտելու եւ այդ ազատութիւնը համար իրենց գերագոյնը նուիրաբերողներուն:

Կեցցէ ազատատենչ մեր ժողովուրդը

Կեցցէ Հայաստանը, Կեցցէ Ազատ Արցախը

Շնորհակալութիւն

comments

Advertisement