Առաջնորդ Սրբազան Հօր Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս. Նաճարեանի Սուրբ Ծննդեան Պատգամը

By armenia.com.au | Friday, 02 January 2015



Հին Աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնի, Բեթլեհեմի մէջ, մանուկ մը ծնաւ առանց ժխորի, համեստօրէն` մսուրի մը մէջ, շրջապատուած ընտանի կենդանիներով:

Ո՞վ  կ’ըսէր թէ Ան պարզ մանուկ մըն էր. Ան արքաներու արքան էր, Տէրը երկինքի եւ երկրի: Աստղը պատռելով մթան վարագոյրը երկինքէն ցոյց կուտար այն վայրը, ուր հրաշք մանուկը ծնած էր, երկինքէն հրեշտակներ հոգեւոր երգերով ու փառաբանութիւններով կ’աւետէին Անոր ծնունդը, եւ տակաւին մոգեր, ժամանակի գիտնականները, Արեւելքէն կուգային տեսնելու եւ իրենց յարգանքը մատուցելու Նորածինին`թագաւորներու թագաւորին: Խաղաղութեան իշխանն է Ան, որուն սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամը ցարդ մարդկութիւնը  ոչ հասկցած է իր ամբողջութեան մէջ եւ ոչ ալ զայն գործադրած:

Աւելի քան երկու հազար տարիներ  վերջ, այսօր, աւելի քան եւս այժմէական է Անոր կոչը մարդկութեան: Այս աշխարհը մեզի յանձնուած է որպէսզի մենք հոգանք եւ տիրութիւն ընենք անոր. սակայն մենք ովկիանոսները եւ ծովերը կ’ապականենք կործանելով այնտեղ եղած բոյսերն ու ձուկերը, անտառները կ’այրենք վերացնելով այնտեղի կենդանութիւնը եւ նուազեցնելով մեզի անհրաժեշտ ջուրի պաշարները, հանքավայրերու չարաշահումով կ’ապականենք հողը եւ այդ հողէն ստացուած սնունդով առաջ կը բերենք զանազան հիւանդութիւններ, մահ ու աւեր: Ո՞ւր կ’երթայ մարդկութիւնը իր ստեղծած ահաւոր զէնքերով եթէ ոչ դէպի վեջնական կործանում:

Մարդոց մէջ ոչ սէր, ոչ հանդուրժողականութիւն, ոչ ընտանեկան դաստիարակութիւն կը մնայ, միայն կը քաջալերուին անհատի եսը եւ նիւթապաշտութիւնը:  Յիսուսի բերած պատգամը սիրոյ, խաղաղութեան, ընկերասիրութեան վեհ գաղափարներով մարդուն կը բարձրացնէ իրեն արժանի բարձունքին` մերժելով նիւթին ստրկութիւնը եւ անոր աստուածացումը:

Եկող տարի պիտի ոգեկոչենք մեր Ցեղասպանութեան նահատակներու 100 ամեակը: Պիտի խաղաղի՞ն մեր հոգիները մեր հարիւրամեայ տառապանքէն, պիտի խաղաղի՞ն մեր նահատակներու հոգիները թէ պիտի շարունակեն աղաղակել ու ըսել <<Սուրբ եւ ճշմարիտ Տիրակալ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես ու չառնես մեր արիւնին վրէժը  երկրի բնակիչներէն>> (Յայտ. 6:10): Տէր, Դուն որ Արդարութիւնը կը սիրես եւ Անիրաւութիւնն ու Յափշտակութիւնը կ’ատես (Եսայի. 61:8), ե՞րբ պիտի իրականանան Քու խօսքերդ <<Եւ սուգի օրերդ պիտի աւարտին, Քու ամբողջ ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ, ու երկրին պիտի տիրանան յաւիտենապէս>> (Եսայի. 60:20-21):

Թող որ Բեթլեհեմէն ծագող խաղաղութիւնը թափանցէ ամէն մէկ հայու հոգիէն ներս, թող որ հայեր միանան իրենց ընդհանուր ձգտումներուն ի խնդիր եւ Աստուածային արդարութիւնը ի գործ դրուի նաեւ մեզի համար այս երկրի վրայ: Արի Տէր եւ մի՛ մերժեր զմեզ իսպառ, թող հրեշտակները կրկին երգեն <<Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն>> եւ մարդկութիւնը ամբողջ ապրի խաղաղ եւ համերաշխ որպէս մէկ Երկնաւոր Հօր զաւակներ, ուր <<նախկինները չյիշուին ու չմտաբերուին, արհաւիրքի զաւակներ չծնանին, ուր գայլն ու գառնուկը միասին արածին >> (Եսայի. 65:17, 25):

comments