Արտակարգ Օրեր Երկրի Տարածքին

By Asbarez | Wednesday, 16 September 2015

0000demirtas


ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մէկնաբանութիւնները որքան ալ զանազան ըլլան, իրողութիւնը յստակ է, Թուրքիա կ՛ապրի մտահոգիչ օրեր, որոնք դիւրաւ կրնան վերածուիլ ներքին պատերազմի փորձանքի մը: Ժողովուրդի մէկ մասը զարմանքով կը դիտէ պատահածները եւ ինք իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէս եկանք այս վիճակին: Սակայն քաղաքական անցուդարձերուն հետեւողներուն համար անսպասելի չէր այս պատկերը: Այդ իսկ պատճառաւ ալ մարդիկ սկսած են սարսափազդու այս ընթացքը անուանելու <<400 պատգամաւորներու պատերազմ>>:


Իրաւ ալ, 7 Յունիսի ընտրութիւններու արդիւնքը տեսնելով նախագահ Էրտողան մեծ հիասթափութիւն ապրեցաւ եւ առաջին վայրկեանէն սկսեալ հոլովեց ընտրութիւնները կրկնելու վարկածը: Այս հիասթափութեան գլխաւոր ազդակն էր ՀՏՓ կուսակցութիւնը (քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւն), որ տասը տոկոսի արգելքը յաղթահարելէ զատ արգելք եղաւ ԱՔՓի (իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն) միահեծան կառավարութիւն մը կազմելուն: Էրտողան գիտէ որ միայն ՀՏՓի խորհրդարանէն դուրս մնալու պարագային պիտի տիրանայ իր կուսակցութեան առանձին կառավարութիւն կազմելու հնարաւորութեան: Հազիւ այդպէս կարելի պիտի ըլլայ երկրի ներկայ վարչաձեւը փոխել եւ անցնիլ նախագահական դրութեան: Այդ առումով ալ խոչընդոտեց այլախոհական կառավարութեան մը հիմնադրութիւնը եւ երկիրը տարաւ դէպի քաօս:


Քաօս բառը ինքնին ամենայստակ բացատրութիւնն է երկրի ներկայ կացութեան: Արդարեւ, 120 հազար բնակչութիւնով Ճեզիրէ (Ճիզրէ) քաղաքը մատնուած է շրջափակումի եւ կարելի չէ քաղաքէն դուրս գալ նոյնիսկ ամենաանհրաժեշտ կարիքներու համար: Օրեր առաջ ոստիկանական բռնութիւնով սպաննուած 12 տարեկան աղջնակի դիակը կը մնայ իր տան մէջ, պատանքուած ու ապա սառնադարան դրուած ձեւով: Քաղաքին մէջ կան 73 երիկամի հիւանդներ, որոնք կը կարօտին տիալիզի դրութեան:


Ի դէմ փողոց ելլելու արգելքին, ժողովուրդը թաղամասերու մէջ փողոցներն են եւ յարատեւ աղմկելով կը փորձեն վառ պահել անհնազանդութիւնը: Մինչ այդ ոստիկանները որոշ հերթականութեամբ կը խուժեն թաղամաս եւ զրահապատ ինքնաշարժերու մէջէն կը կրակէն ժողովուրդին վրայ: Շրջափակման օրերու տեւողութեան մահացածներու թիւը 9 Սեպտեմբերին հասած էր տասի: Նոյն 9 Սեպտեմբերին ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւորները կ՛ուզեն Ճեզիրէ երթալ, բայց ոստիկանական արգելքը իրենց համար ալ կը փակէ անցքը: Նախապէս քաղաք մտնել յաջողած պատգամաւորներէն Այճան Իմրես <<Ակօս>>ին կը տեղեկացնէ, թէ իրավիճակը շատ ծանր է, քանի որ ոստիկանները չեն արտօներ շտապօգնութեան ինքնաշարժներուն երթեւեկը: Իսկ քաղաքի պետական հիւանդանոցն ալ խղճալի վիճակի մէջ է, ուր կ՛աշխատի միայն մէկ ոչ մասնագէտ բժիշկ:


Ժողովուրդը լուրջ դժուարութիւն ունի նաեւ ամէնօրեայ կենցաղի առումով: Ելեկտրականութիւնը խզուած է: æուրի մատակարարման ցանցը խանգարուած, հեռախօսակապը խզուած: Հացափուռերը, դեղարանները եւ խանութները առհասարակ փակ են: Իսկ շէնքերու տանիքներուն դիրք բռնած են դիպուկահարներ, որոնք ընդմիշտ պատրաստ են շարժող ամէն ինչի վրայ կրակելու:


Սակայն դիտելով երկրին մէջ տարածուած բռնութիւնները, արեւելեան այս քաղաքը իր արտակարգ ապրումներով հանդերձ դուրս կը մնայ հասարակութեան ուշադրութենէն: 8 Սեպտեմբեր երեկոյեան բովանդակ երկրի տարածքին ՀՏՓ կուսակցութեան աւելի քան 130 շէնքեր հրկիզուեցան կամ թալանուեցան: Պոլսոյ Քաղըթհանէ թաղին մէջ 23ամեայ երիտասարդ մը դաշունահարուեցաւ բջիջային հեռախօսով քրտերէն խօսելուն համար: Միւս կողմէ ՓՔՔի յարձակումներն ալ նոյն թափով կը շարունակուին: Հաքքարիի Տաղլըճա աւանին մէջ 16 զինուորներու սպանութենէն ետք Իգտիրի մէջ ալ 14 ոստիկաններ սպաննուեցան: Անոնց կողքին պէտք է յիշել Տերսիմ, Տիարպեքիր եւ այլ քաղաքներու մէջ անհատաբար սպանուածները:


Այս թոհուբոհին մէջ անարձագանգ կը մնայ ՀՏՓի վարիչներուն բախումներէ հրաժարելու կոչը: Համանախագահներ Տեմիրթաշ եւ Եիւքսեքտաղ որքան ալ ՓՔՔին եւ կառավարութեան նոյն կոչը ուղղեն, իշխանամէտ մամուլը յամառօրէն կը շարունակէ այս վերջիններս ահաբեկիչ անուանել եւ բոլոր պատահածներուն մեղքը բեռցնել ժողովրդավարական շարքերու ուսերուն:

<<Ակօս>>

 


comments