Կազմակերպական Առաջնահերթութիւններ

By Հայկ Գայսէրեան - Հ.Յ.Դ. Աւստրալիա | Friday, 01 April 2016

Հայկ Գայսէրեան - Հ.Յ.Դ. Աւստրալիա



Անցեալ ամսուայ ընթացքին բախտը ունեցայ ներկայացնելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցը Հայաստանի Նոր Նորք շրջանի մէջ բարենորոգուած ՀՅԴ <<Նիկոլ Դուման>> կեդրոնի բացման հանդիսութեան:

Վերոյիշեալ կեդրոնը, որ մեր շրջանի <<Քոյր Ակումբ>>-ն է հայրենիքէն ներս, բարենորոգուեցաւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ-ի եւ իր ուղեկից միութիւններու ջանքերով: Կեդրոնի վերանորոգման հիմնական նպատակն էր երիտասարդութեան աւելի գրաւիչ դարձնել կեդրոնը, ուր անոնց պիտի ջամբուի ազգային դաստիարակութիւն շրջանի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան միջոցով:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի համար այս ծրագիրը աննախընթաց առիթ մըն էր որուն միջոցաւ մեր կազմակերպութեան անդամները ունեցան իրենց <<Քոյր Ակումբ>>-ը, ակումբ մը որուն վերանորոգման եւ զարգացման աշխատանքին համար մասնակից եղանք բոլորս:

Աւելին՝ այս ծրագիրը նաեւ առիթը պիտի ընծայէ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամներուն ամրապնդելու իրենց կապերը հայրենիքի իրենց տարեկից եւ գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն հետ: Այս տարուընէ սկսեալ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը պարբերաբար Նոր Նորք պիտի գործուղէ խումբ մը ընկերներ / ընկերուհիներ որոնց պարտականութիւնը պիտի ըլլայ կազմակերպել երիտասարդական ճամբարներ երկու շաբթուայ տեւողութեամբ, շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, իրենց ամառնային արձակուրդի ժամանակ: Անոնց հիմնական առաքինութիւնը պիտի ըլլայ դաստիարակել, խանդավառել եւ աշխուժացնել շրջանի երիտասարդական շարժումը:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցը, շնորհիւ մեր գաղութի զաւակներու նիւթական աջակցութեան տրամադրեց 15,000 Ամերիկեան տոլար հոգալու համար կեդրոնի նորոգութեան ծախսերը: Այս ծրագրին իրենց աջակցութիւնը բերին Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը եւ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Յասմիկ Զառացեանները: Երախտապարտ ենք բոլորին:

Յօդուածի վերնագիրը <<Կազմակերպական Առաջնահերթութիւններ>> է որովհետեւ կ'ուզեմ լուսարձակի տակ առնել նման տնտեսական որոշումներ առնելու գործընթացը ՀՅԴ-ի նման կազմակերպութեան մը մէջ որուն հիմնական նպատակն է ծառայել մեր ազգին, հայրենիքին եւ գաղութին:

Մեր գաղութը մեր միութիւններու հիմնական նիւթական աղբիւրն է: Բոլորս ծանօթ ենք անդամավճարներու, ձեռնարնկերու մուտքի տոմսերու, նուիրատուութիւններու, երաշխաւորութեան եւ այլ տեսակի միջոցներու: Բնականաբար, մեր պարտականութիւնն է իբր ժողովրդավարօրէն ընտրուած ղեկավարութիւն հաւաքուած նիւթական հասոյթը տրամադրելի դարձնել կազմակերպական առաջնահերթութիւն վայելող ծրագրիներու, համաձայն մեր կանոնագրութեան եւ գաղութի պէտքերուն:

Յօդուածին նպատակը չէ կասկածներ արթնցնել գաղութի կազմակերպութիւններու տնտեսական աշխատանքներու թափանցիկութեան մասին, այլ շեշտել կամակերպական առաջնահերթութիւններու մասին երբ մեր գաղութի միութիւնները դրամահաւաքներ կամ հասութաբեր ձեռնարնկեր կը կազմակերպեն:

Իբր ընկերվարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած քաղաքական կուսակցութիւն, երբ ՀՅԴ-ն կը մտածէ կազմակերպական առաջանահերթութիւններուն մասին, իր հայեացքը ուղղուած կ'ըլլայ այն ծրագիրներուն որոնք կը կարօտին նիւթական աջակցութեան, այսինքն առաջնահերթութիւն են: Ապա կը մտածէ պէտք եղած նիւթականը ապահովելու միջոցներու մասին: Նման ձեւով կ'աշխատին նաեւ ՀՅԴ-ի բոլոր ուղեկից միութիւնները:

Նոր Նորքի կեդրոնի վերանորոգման ծրագիրը կազմակերպական առաջնահերթութիւն էր մեզի համար: Ծրագրին նպատակն էր ամրապնդել մեր գաղութի եւ յատկապէս երիտասարդութեան կապերը հայրենիքին հետ:

Սուրիահայութեան օժանդակութեան նուիրուած ծրագիրները եւս մեր կազմակերպական առաջանահերթութիւններէն են որուն համար վերջին երեք տարուայ ընթացքին մեր կազմակերպական կառոյցի ջանքերով յաջողած ենք աւելի քան 100,000 տոլար ուղարկել մեր հայրենակիցներուն:



Կ'արժէ յիշել որ Սուրիահայութեան օժանդակութիւնը մեր կազմակերպական առաջնահերթութիւններու ցանկին կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնն էր: Եթէ կատարած չըլլայինք մեր պարտականութիւնը, վստահաբար առիթը պիտի չունենայինք յոգալու Նոր Նորքի կեդրոնի վերանորոգման ծախսերը։

Այսպիսով կը տեսնենք թէ ոչ միայն կարեւոր է ունենալ կազմակերպական առաջնահերթութիւններու ցանկ, այլ նաեւ այդ ցանկը դասաւորել ծրագիրներու կարեւորութեանց համաձայն:

Եւս այլ կարեւոր կազմակերպական առաջնահերթութիւն է ուսումը: Տեղական ընտրութիւններու ժամանակ ուսումնական եւ առողջապահական մարզերը միշտ ալ եղած են լուսարձակի տակ:

Բարեաբախտաբար Աւստրալահայ գաղութի կազմակերպութիւնները, շնորհիւ մեր կառավարութեան, պարտաւոր չեն հոգալու անհատներու առողջապահական պէտքերը: Սակայն ուսումնական մարզը պէտք է ըլլայ մեր գաղութի միութիւններու հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը: Մեր գաղութի վարժարաններու նեցուկ կանգնիլը անհրաժեշտութիւն է: Օրինակ Գօլստըն Ճեմարանը, որմէ ես շրջանաւարտ եղած եմ, որուն հարկին մէջ ամէն օր աւելի քան 250 Հայ աշակերտներ կը հաւաքուին եւ անոնց կը ջամբուի հայեցի դաստիարակութիւն, պատմութիւն, լեզու եւ մշակոյթ:

Խաղաղականի այս հեռաւոր ափերուն Հայկական կրթօճախ մը պահելը դիւրին աշխատանք մը չէ: Զոհողութիւն կը պահանջէ: Նիւթական եւ բարոյական յանձնարարութիւն կը պահանջէ մեր գաղութէն: Աւստրալիոյ մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ անոր ուղեկից միութիւնները Գօլստըն Ճեմարանի գոյատեւումը կը նկատեն մեր կազմակերպական առաջնահերթութիւններու ցանկին դափնեկիրը հասութաբեր ոեւէ մէկ ձեռնարկ մը կազմակերպելէ առաջ:

Մեր կազմակերպութիւնը ունի իր նիւթական պէտքերը: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներն ու սկաուտները կարիքը ունին համազգեստներու, սրահներու եւ մարզադաշտերու: ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը կազմակերպեց բանակում մը մասնակցութեամբ աւելի քան 100 երիտասարդներու Մելպուրնի մէջ, եւ այս մէկը կը կարօտէր նիւթական հսկայ յանձնարարութեան: Համազգայինի կրթական եւ մշակութային ծրագիրները կարք ունին պարուսոյցներու, ուսուցիչներու, բեմադրիչներու, եւայլն: Հայ Օգնութեան Միութիւնը ունի պատսպարան մը կառուցելու, որբեր խնամելու եւ Արցախի մէջ մանկամսուր մը նորոգելու պարտականութիւնը: Մեր կազմակերպութիւններն ու անոնց պէտքերը մեր կազմակերպական առաջնահերթութիւններու ցանկին վրայ նաեւ կարեւոր դիրք կը գրաւեն:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւս կարեւոր տեղ ունի մեր կազմակերպական առաջնահերթութիւններուն մէջ: Հայ ֆետային իր կեանքը զոհեց ազատագրելու համար Արցախը վայրագ Ազերիներուն ձեռքէն: Արցախի հիմնախնդիրը եւ սահամանամերձ գիւղերու ապահովութիւնը եւս կը կարօտին լուրջ նիւթաբարոյական հետաքրքրութեան:

Ինչպէ՞ս մենք, իբր Աւստրալահայ գաղութի ղեկավարներ, կը պատրաստենք մեր կազմակերպական առաջնահերթութիւններու ցանկը: Շատ պարզ ձեւով:

Իբր ծնողք, ոեւէ մէկ սուղ իր մը գնելէ առաջ հարց կու տանք մենք զմեզ արդեօ՞ք կարելիութիւնը ունինք: Արդեօ՞ք մեր այլ առաջնահերթութիւններէն (սնունդ, ուսում, զգեստ, եւայլն) կարեւոր է: Եթէ պատասխանը դրական է կը գնենք, իսկ եթէ ոչ վստահաբար մեր որոշումը պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք:

Ծնողքի օրինակով մենք եւս իբր Աւստրալահայ գաղութի ղեկավարներ երբ տնտեսական որոշումներ պիտի առնենք գաղութի զաւակներու անունով, պէտք է հարցնենք թէ ե՞րբ վերջին անգամ մասնակցած ենք Սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք զրկուած են կեանքի հիմնական պէտքերէն, օժանդակութեան աշխատանքներուն:  Պէտք է հարցնենք արդեօ՞ք բաւարար չափով կ'օժանդակենք մեր միութիւններուն եւ կրթօճախներուն: Պէտք է հարցնենք արդեօ՞ք կը մասնակցինք ԼՂՀ-ի ապագան ապահովող աշխատանքներուն: Պէտք է հարցնենք թէ ինչպէ՞ս կրնանք մեր նորահաս սերունդի կապերը ամրապնդել հայրենիքի հետ:

Եթէ վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանը դրական է ապա կրնանք դիմել նոր առաջնահերթութիւններու: Եթէ ոչ, ապա...

comments