Հայաստանի Ղեկավարները Պատերազմէն Առաջ Անտեսած Են Ներդրողին Զրահամեքենաներ Արտադրելու Առաջարկը

By Asbarez | Thursday, 10 June 2021



ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի ներկայ ղեկավարները կը մեղադրեն նախկինները, երբ երկրին մէջ սխալ բան մը պատահի: Պատերազմը պարտուելուն մէջ եւս մեղադրեցին նախկին նախագահները: Անոնք ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն իրենց սեփական թերութիւններուն համար, հակառակ անոր, որ արդէն երեք տարիէ ի վեր իշխանութեան ղեկը իրենց ձեռքն է: Թէեւ նախկին ղեկավարները կարելի է մեղադրել բազմաթիւ անօրինականութիւններու համար, այսօրուան ղեկավարները եւս ունին թերութիւններու իրենց բաժինը:

Ահա՛ փայլուն օրինակ մը, թէ ինչպէ՛ս ներկայ ղեկավարները ամբողջովին սխալ վարուած են ազգային ապահովութեան կարեւորագոյն նախագիծին հանդէպ, որուն համար անոնք լիովին մեղաւոր են: Այսպիսի օրինակներ շատ-շատ են:

Արտակ Թովմասեան անունով հայ գործարար մը ունէր համապատասխան կապեր եւ փայլուն գաղափար մը՝ Հայաստանի մէջ գերժամանակակից զրահամեքենաներ արտադրելու, ապա անոնց մէկ մասը Հայաստանի կառավարութեան նուիրելու: Կը թուէր, թէ Հայաստանի պաշտօնեաները կ՛ողջունէին այդպիսի արժէքաւոր առաջարկ մը եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէին՝ նպաստելու համար ներդրումային այս կարեւոր հնարաւորութեան, որ մեծ նշանակութիւն ունի ազգային ապահովութեան առումով: Ասիկա անհաւանական պատմութիւն մըն է Հայաստանի մէջ ապաշնորհ եւ անտարբեր պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասին, որոնք չկրցան օգտուիլ այս եզակի առաջարկէն:

2018ին, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն անմիջապէս ետք, Թովմասեան տեսակցեցաւ անոր հետ եւ առաջարկեց միլիոնաւոր տոլարներ ներդնել Հայաստանի մէջ՝ 30 տարուան փորձ ունեցող զրահամեքենաներու յայտնի արտադրող, գանատական Streit Group-ին հետ, որ գործարաններ ունի աշխարհի հինգ երկիրներու՝ Գանատայի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի մէջ: Վեցերորդ նման գործարան մը պիտի հիմնուէր Հայաստանի մէջ: Ներդրումներու ընդհանուր գումարը կրնար հասնիլ 20 միլիոն տոլարի՝ ներառելով ռազմական ոլորտին հետ կապուած այլ ներդրողներ եւս: Նախագիծը նաեւ աշխատանքի հարիւրաւոր կարելիութիւն պիտի ստեղծէր:

2018ին, վարչապետ Փաշինեան հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց նախագիծին նկատմամբ եւ ըսաւ իր օգնականներուն, որ հետամուտ ըլլան այս ծրագիրին: Ցաւալի է, որ Փաշինեանի ընտրած պաշտօնեաներուն անգործունեայ ըլլալուն եւ անփութութեան պատճառով, երեք տարի ետք նոյնիսկ, ցարդ ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուած է այս կարեւոր նախագիծին ուղղութեամբ, հակառակ վարչապետին հետ Թովմասեանի ունեցած յետագայ քանի մը հանդիպումներուն: Այս զրահամեքենաները շատ օգտակար կրնային ըլլալ անցեալ տարուան Ատրպէյճանի հետ պատերազմին՝ փրկելով հայ զինուորներու անհամար կեանքեր: Դժբախտաբար, հայ պաշտօնեաները անուշադրութեան մատնեցին այս նախագիծը՝ թէ՛ պատերազմէն առաջ, թէ՛ ընթացքինն եւ թէ անկէ ետք:

Թովմասեանի առաջարկը՝ յառաջիկայ 10 տարիներուն ընթացքին աստիճանաբար մօտաւորապէս 1300 զրահամեքենաներ արտադրել եւ անոնցմէ 130ը հայկական զինուած ուժերուն ձրի նուիրել էր: 450 հազար տոլար կամ աւելի արժողութեամբ իւրաքանչիւր մեքենայի պարագային, նուիրուած ռազմական արհեստագիտութեան ընդհանուր արժէքը պիտի կազմէր աւելի քան 60 միլիոն տոլար:

Իր կարգին, Թովմասեան Հայաստանի կառավարութենէն խնդրեց, որ իրեն տրամադրէ անհրաժեշտ հողատարածք մը՝ այս արտադրական գործարանը ազատ արդիւնաբերական գօտիի մէջ հիմնելու համար: Պատահաբար, ան տեղեկացուած էր Երեւանի ծայրամասը գտնուող՝ չօգտագործուած դատարկ հողատարածքի մը մասին, որ կը պատկանէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան: Նախագիծը չիրականանալու պարագային, ներդրողը պարտաւոր էր նուիրուած հողատարածքը Հայաստանի կառավարութեան վերադարձնել:

Քովս կը գտնուին վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Թովմասեանի ընկերութեան («Առաջին արդիւնաբերական գօտի») կողմէ հայ պաշտօնեաներուն յղուած տասնեակէ մը աւելի նամակները, որոնց մէջ կը խնդրուի հաստատել Թովմասեանի առաջարկած նախագիծը: Այսուամենայնիւ, պատասխան մը ստանալու համար բազմիցս կատարուած խնդրանքներուն հակառակ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ պատասխանած Թովմասեանին:

Հայաստանի կառավարութիւնը Թովմասեանի առաջարկը փոխանցեց միջ-գերատեսչական յանձնախումբին՝ յանձնարարելով քննարկել նախագիծը: Միջ-գերատեսչական յանձնախումբին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի տնտեսութեան, ելեւմուտքի, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու, արդարադատութեան նախարարութիւններու, պետական եկամուտներու կոմիտէի, քաղաքաշինութեան կոմիտէի, առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի եւ Արդիւնաբերողներու ու գործարարներու միութեան ներկայացուցիչներ: Զարմանալի է, որ միջ-գերատեսչական յանձնախումբին մէջ ոչ ոք ընդգրկուած էր պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ ռազմական նախագիծը պատշաճ գնահատելու համար: Միջ-գերատեսչական յանձնախումբի ուղեցոյցները կը պահանջեն, որ անիկա աշխատանքային քսան օրուան ընթացքին քննարկէ եւ կառավարութեան ներկայացնէ սեղանի վրայ դրուած որեւէ առաջարկ: Սակայն, այդ վերջնական ժամկէտը վաղուց անցած էր արդէն` հակառակ կատարուած քանի մը յիշեցումներու:

Այս պատմութեան ամէնէն զարմանալի մասը 6 Մարտ 2021ին, Ֆէյսպուքի վրայ անսպասելի գրառումն էր տնտեսութեան նորանշանակ նախարար Վահան Քերոբեանի, որ ուսողութեան (Mathematics) ճիւղը աւարտած է, սակայն անտեղեակ է տնտեսագիտութենէ:

Նախարար Քերոբեան ամբարտաւանօրէն գրած է հետեւեալը. «Իրականութեան մէջ, ես կասեցուցի այս արդիւնաբերական գօտիին վերաբերեալ նախագիծի որոշում տալը, որովհետեւ այդ մէկը ծիծաղելիօրէն կ՛արհամարհէր Հայաստանի քաղաքացիներուն շահերը»: Իրականութիւնը սակայն այն է, որ նախարար Քերոբեան ի վիճակի չէր կասեցնելու այս նախագիծը՝ երկու պատճառով.

1) Իբրեւ վերջերս նշանակուած նախարար, ան նոյնիսկ ներկայ չէր հոն, երբ այս նախագիծը ներկայացուեցաւ վարչապետին եւ այնուհետեւ յղուեցաւ միջ-գերատեսչական յանձնախումբ:

2) Այս նախագիծը հաստատելու կամ մերժելու որոշումը միայն կրնան կայացնել միջ-գերատեսչական յանձնախումբը եւ վարչապետը:

Այսուհանդերձ, նախարար Քերոբեան շարունակեց աւելի տարօրինակ պահանջներ ներկայացնել: «Թող Թովմասեան երկու շաբթուան ընթացքին ծրագիրը ներկայացնէ կառավարութեան՝ առ ի հաստատում, իսկ եթէ 9 հեկտար հողակտորը Երեւանի մէջ կ՛ուզէ վերցնել իր կողմէ եղած չնչին ներդրումի խոստումին դիմաց, ես կը մնամ իմ կարծիքին վրայ՝ ըսելով, որ ասիկա ոչ թէ ներդրումային ծրագիր է, այլ Հայաստանի քաղաքացիներու կողոպուտ: Մենք նաեւ առաջարկած ենք այս գործարքը իրենց պայմաններով եւ հարկային արտօնութիւններով իրագործել՝ Երեւանէն տարբեր՝ այլ քաղաքի մը մէջ, բայց, անհասկնալիօրէն, Երեւանի նոյն այդ թանկարժէք հողակտորն է, որ իրենց պէտք է, արտադրական այս գօտիին համար», կը գրէ ան:

Նախարար Քերոբեան մոլորութեան մէջ կը ձգէ հասարակութիւնը: Թէեւ քանի մը տարիէ ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը չէ արձագանգած առաջարկին, սակայն նախարարը կը պնդէ, որ պիտի պատասխանէ երկու շաբթուան ընթացքին: Ինչո՞ւ չէ արձագանգած այս առաջարկին անցեալ տարուան Նոյեմբերին իր նշանակումէն ի վեր: Փաստը այն է, որ կառավարութիւնը երբե՛ք հակադարձ առաջարկ չէ ըրած եւ զայն երբեք չէ քննարկած ներդրողին հետ: Ի դէպ, նոյնինքն պաշտպանութեան նախարարութիւնն է, որ Թովմասեանին առաջարկած է հողակտոր մը Երեւանի ծայրամասը, ոչ թէ անվճար, այլ՝ գնելու համար:

Վերջապէս, Քերոբեանի կողմէ խիստ ոչ մասնագիտական է Ֆէյսպուքի գրառմամբ արձագանգել բազմամիլիոն արժողութեամբ ռազմական արտադրանքի ներգրաւման լուրջ առաջարկին։ Դժբախտաբար, այս մէկը կ՛արտացոլէ նախարարին ստանձնած աշխատանքի որակաւորման բացակայութիւնը:

Ամփոփելով, Հայաստանը պատերազմը պարտուեցաւ շատ մը պատճառներու համար, բայց այսպիսի վարքագիծ՝ ոչ որակեալ նախարարի մը եւ անտեղեակ կառավարութեան մը կողմէ, վստահութիւն չի ներշնչեր, որ երկիրը կրնայ շուտով ներդրողներ ներգրաւել եւ բարելաւել երկրին տնտեսական ողբալի վիճակը:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ , «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 


comments

Advertisement