Արցախի Սուրբ Անկախութիւնը Պահպանելու Հրամայականը

By ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - Asbarez | Thursday, 09 September 2021

ԱՍՊԱՐԵԶԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ



Անցնող տարին ցոյց տուաւ, թէ անկախութիւնը որքան դիւրաբեկ է։ Երբ ազգովին կը նշենք Արցախի անկախութեան 30ամեակը, կը գիտակցինք, թէ որքան սուրբ է այդ անկախութիւնը, մինչ մեր թշնամիները կը ջանան Արցախը ջնջել քարտէսներու երեսէն։

Արցախի անկախութեան հռչակումը բնականոն եւ սահուն շարունակութիւնն էր Արցախի ազատագրութեան շարժումին, որ ծնունդ առած էր Փետրուար 1988ին, երբ Արցախի ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ արդարութեան եւ իր տարրական իրաւունքներուն տիրանալու պահանջներով։

Կամքի բնական այս արտայայտութիւնը եկաւ ի գին աներեւակայելի զոհողութեան, բայց երբ Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները իրենց բռունցքները սեղմեցին եւ պահանջեցին, որ իրենց ձայնը լսելի դառնայ, համայն հայութիւնը զօրակցեցաւ անոնց եւ գործնական մասնակցութիւն բերաւ ազատագրական պայքարին։ Արցախցին ոգի ի բռին պայքարեցաւ եւ իր կեանքը զոհեց իր այս տարրական իրաւունքին տիրանալու համար։

Այսօր, արեան գնով նուաճուած անկախութիւնը վտանգուած է եւ կը թուի, թէ ազդու յաղթանակ մը եւս արձանագրելու հաւանականութիւնը մեծ չէ։ 44օրեայ պատերազմին աւարտէն մօտաւորապէս 10 ամիս ետք, իւրաքանչիւր հայ կը ջանայ ընկալել տարողութիւնը այն հարուածին, զոր 9 Նոյեմբերի համաձայնութիւնը բերաւ, մեզմէ խլելով մեր նուաճած, սիրելի եւ պատմական հողերը, որոնք պարտադրաբար թշնամիին յանձնուեցան սերունդներէ ի վեր չտեսնուած պարտութեան մը հետեւանքով։

Մեր «ռազմավարական դաշնակից»ին կեցուածքէն յանդուգն դարձած եւ նոյնիսկ՝ քաջալերուած, մեր թշնամիները ի գործ դրին վերջին 30 տարիներուն իրենց բացայայտօրէն կրկնած սպառնալիքները եւ օրըստօրէ կը շարունակեն իրենց կամքը պարտադրել, վերջերս նոյնիսկ Հայաստանի տարածքները թափանցելով։

Անվերծանելի իրականութիւն մը, որուն աւարտը աստիճանաբար աւելի դժուար կը դառնայ երեւակայել։

Սակայն, եթէ վերջին մէկ տարուան կամ մէկ շաբթուան իրադարձութիւնները դիտենք պատմութեան լայն պրիսմակով եւ 44օրեայ պատերազմին վնասները աւելցնենք մեր ողբերգութեանց եւ վնասներու պաստառին, կրնանք ներկայ իրավիճակը համարել չակնկալուած եւ հսկայ հարուած մը, իր շարք մը բարդ մարտահրաւէրներով։

Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ հայ ժողովուրդը տոկուն է եւ իւրաքանչիւր նահանջէ ետք կարելիութիւնը ունի աւելի ուժեղ վճռակամութեամբ եւ հաւատքով ոտքի կանգնելու։

Որքան ալ դժուար ըլլայ, յատկապէս երբ իբրեւ ազգ ողբալու առիթը չենք ունեցած տակաւին, թող Արցախի անկախութեան այս յատկանշական տարեդարձը դառնայ մեզի համար կենսական մղիչ ուժը՝ մէկտեղելու մեր ուժերը եւ վերանուիրուելու Արցախին, որովհետեւ սուղ գինով նուաճուած անկախութենը կարելի չէ զիջիլ եւ Արցախի անկախութիւնը պէտք է պահպանուի՝ ամէն գնով։

comments

Advertisement