Վերյիշելով Ծերակուտական Տոլի Հետ 1997ին Անմոռանալի Ճամբորդութիւնը Դէպի Հայաստան

By Asbarez | Saturday, 18 December 2021

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ծերակուտական Պապ Տոլի արտասովոր կեանքին մասին շատ գրուեցաւ 5 Դեկտեմբերէն ետք, երբ ան իր մահկանացուն կնքեց 98ամեայ պատկառելի տարիքին: Ան զինուոր եղած է, Քանսաս նահանգի ներկայացուցիչ՝ երկու տարի, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ՝ ութ տարի, Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական՝ 27 տարի, երեք ժամկէտով Ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդ՝ 11 տարի, Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ փոխնախագահի թեկնածու՝ 1976ին եւ նախագահի թեկնածու՝ 1996ին: Ծերակուտական Տոլ պատերազմի հերոս էր եւ Հայ Դատի պաշտպան:

Անոր կեանքի ողբերգական շրջադարձը եղաւ այն, որ Տոլ, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին, երբ կը ծառայէր ամերիկեան բանակին մէջ, Իտալիոյ մէջ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ՝ լրջօրէն վնասելով աջ ուսն ու թեւը: Հայ ոսկրագէտ վիրաբոյժ բժիշկ Համբար Քելիքեանը կրցաւ փրկել Տոլի վիրաւոր ձեռքը՝ եօթը գործողութիւններէ ետք, զորս հրաշագործ բժիշկը կատարեց առանց վճարումի:

Զայն ֆիզիքապէս բուժելէն աւելի կարեւորը այն էր, որ բժ. Քելիքեան կրցաւ բարձրացնել Ծերակոյտի ապագայ առաջնորդին ինքնավստահութիւնը՝ կեդրոնանալու համար այն ամէն ինչին վրայ, զոր մնացած էր հիւանդին, այլ ոչ թէ դժգոհելու՝ կորսնցուցածին համար: Ասիկա կարեւոր դաս մըն էր, զոր Պապ Տոլ միշտ յիշեց իր ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Բժ. Քելիքեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներէն մէկն էր: Ան իր հիւանդին՝ Պապ Տոլի հետ կիսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան դժոխային իրողութեան մասին, որուն ընթացքին ան կորսնցուցած էր ընտանիքին քանի մը անդամները, իսկ ինք հազիւ փրկուած էր: Այդ սարսափելի պատմութիւնները իրենց անջնջելի հետքը ձգեցին երիտասարդ Տոլի վրայ, որ երբեք չմոռցաւ հայոց ողբերգութիւնը: Երբ ան հասաւ իշխանութեան ամէնէն բարձր աստիճանները, կարելի ամէն բան ըրաւ՝ բազմաչարչար հայ ժողովուրդին նկատմամբ որոշ չափով արդարութիւն ցուցաբերելու՝ միաժամանակ փորձելով ստիպել Միացեալ Նահանգները, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Հայ ժողովուրդին անունով Տոլի վճռական ջանքերը Ծերակոյտէն ներս խափանուեցան, Քլինթընի վարչակազմին եւ ծերակուտական Ռապըրթ Պիրտի (դեմոկրատ, Արեւմտեան Վըրճինիա) կողմէ: Այսուամենայնիւ, 30 տարի ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ ծերակուտական Տոլի յամառ նուիրուածութեան իբրեւ արդիւնք յառաջացած հրապարակայնութիւնը տուաւ իր ցանկալի արդիւնքը: Բարեբախտաբար, Պապ Տոլ այնքան երկար ապրեցաւ, որ տեսնէ իր անխոնջ աշխատանքին պտուղները, երբ նախագահ Ճօ Պայտըն՝ Պապ Տոլի մտերիմ ընկերն ու քաղաքական մրցակիցը, 24 Ապրիլ 2021ին յայտարարութիւն տարածեց՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս առիթով Տոլ անձնական գրութիւն մը ուղարկեց նախագահ Պայտընի՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Կը փափաքիմ ընթերցողներուս հետ զրուցել, վերյիշելով ուղեկցութիւնս ծերակուտական Տոլի՝ դէպի Հայաստան կատարած փաստահաւաք ճամբորդութեան ժամանակ, որ տեղի ունեցաւ 13-15 Հոկտեմբեր 1997ին, գնահատելու համար Քըրք Քըրքորեանի մարդասիրական բազմամիլիոնաւոր ծրագիրները, անոր «Լինսի» հիմնադրամին միջոցով: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին բժ. Քելիքեանի դուստրը՝ Ալիս Քելիքեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Շուգարեան, «Լինս»ջ հիմնադրամի նախագահ Ճիմ Ալճեան եւ կինը՝ Մարճորին, ծերակուտականի երկու օգնականները եւ Սու Թեմքին՝ Ուաշինկթընի մէջ Տոլի փաստաբանական գրասենեակի հարկային փաստաբանը: Ճամբայ ելանք Քըրքորեանի անձնական օդանաւով: Ես պատուիրակութեան հետ ճամբորդեցի՝ իբրեւ Հայաստանի մէջ «Լինսի» հիմնադրամի ծրագիրներու պատասխանատու:

Պետական ղեկավարներու այցելութեան համար նախատեսուած սովորութեամբ, այդ օրերու վարչապետ Ռոպերթ Քոչարեան եւ քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եկան Երեւանի օդակայան՝ ողջունելու համար ծերակուտական Տոլը Հայաստանի մէջ: Օդակայան կը գտնուէր նաեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Փիթըր Թամսըն: Թէեւ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը բացակայէր երկրէն՝ Ֆրանսա գտնուելուն պատճառով, ան հեռաձայնով խօսեցաւ ծերակուտական Տոլի հետ:

Ծերակուտական Տոլ, իբրեւ հայ ժողովուրդի հերոս, մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ հանրութեան եւ պաշտօնեաներուն կողմէ: Հայաստանի մէջ, քանի մը օրերու ընթացքին, մենք հանդիպում ունեցանք վարչապետին, Կեդրոնական դրամատան նախագահին, առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարին, տնտեսութեան եւ ֆինանսական փոխնախարարին, արտաքին գործոց փոխնախարարին (անոնց համապատասխան նախարարները Ֆրանսա կը գտնուէին նախագահին հետ, խորհրդարանի նախագահին եւ իր երկու տեղակալներուն, խորհրդարանական բոլոր յանձնախումբերու նախագահներուն, գործարարներու եւ դրամատէրերու հետ): Ծերակուտական Տոլ հանդիպում ունեցաւ նաեւ ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններու առաջնորդներուն հետ, ապա մամլոյ ասուլիս մը տուաւ:

Նաեւ, այցելեցինք Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, ուր տեղեկութիւններ ստացանք դեսպանէն, առեւտրային կցորդէն եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան ներկայացուցիչէն: Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ հանդիպեցանք նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա.ին: Մենք այցելեցինք նաեւ ժամանակակից հագուստի արտադրամաս, որուն սեփականատէրը գործարար կին մըն էր, որ 500 աշխատող ունէր: Վերջապէս, այցելեցինք Մանկական սրտաբանական կեդրոնը, որուն գլխաւոր վիրաբոյժը ամերիկահայ բժիշկ Հրայր Յովակիմեանն էր:

Ծերակուտական Տոլ խորապէս յուզուած էր Նորքի մանկատան 70 որբերուն այցելած պահուն: Երբ իմացաւ, որ որբանոցի աշխատակիցները քանի մը ամիս վարձատրութիւն չեն ստացած, առաջարկեց սիրայօժար վճարել անոնց յետնեալ ամսականները:

Յուզիչ այլ իրադարձութիւն մըն էր ծերակուտական Տոլի այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան, ուր ան ծաղկեպսակ դրաւ, իսկ Ալիս Քելիքեանն ու ինք ծառ տնկեցին, ի յիշատակ բժ. Համբար Քելիքեանի:

Ասիկա ծերակուտական Տոլի երկրորդ այցելութիւնն էր Հայաստան: Ան իր կնոջ՝ Էլիզապէթի հետ, այցելած էր Հայաստան 1989ին՝ 1988ի դեկտեմբերեան աւերիչ երկրաշարժէն ետք: 2019ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատուոյ հեղինակաւոր շքանշան մը շնորհեց ծերակուտական Տոլի:

Ծերակուտական Տոլ 97 տարեկանին տակաւին գործունեայ էր: 15 Սեպտեմբեր 2020ին, ծերակուտականը եւ իր լոպիական ընկերութիւնը՝ Alston & Bird, պայմանագիր կնքեցին Հայաստանի կառավարութեան հետ՝ «դիտարկելու ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւններուն առնչուող ընթացիկ իրադարձութիւնները եւ տրամադրելու ռազմավարական խորհուրդ՝ նշեալ յարաբերութիւններու բարելաւման կապուած»: Ծերակուտական Տոլ այս մասին գրեց հետեւեալը. «Այս ծառայութիւնները կրնան ներառել շփումներ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի անդամներու եւ անոնց աշխատակազմերուն հետ»: Պայմանագիրը մէկ ամիս ժամկէտ ունէր, տասը հազար տոլար արժողութեամբ:

Հայ ժողովուրդը յաւերժ պիտի յիշէ այս մեծ մարդը, որ երբեք չմոռցաւ իր առողջութիւնը վերականգնած հայ վիրաբոյժը, եւ ամէն բան ըրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

comments

Advertisement