Շուշիի Վերաազատագրման Յանձնառութեան Օր

By Aztag Daily | Wednesday, 11 May 2022

Մայիսեան եռատօնի մթնոլորտը, նշումի տարողութիւններն ու եղանակները փոխուած են հիմնովին: Հիմնականին մէջ Մայիս 8-ը կը վերաբերէր Շուշիի ազատագրութեան, որ իսկապէս բեկումնային էր ո՛չ միայն Արցախի ազատագրութեան, այլ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման գործընթացին մէջ:

Շուշին առաջնայնօրէն ռազմագիտական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունէր: Այդ արժեւորումը բոլոր առումներով կատարած էր հայկական կողմը` ազատագրելու Շուշին: Շուշիի արժէքը եւ իւրայատկութիւնը գնահատած էր նաեւ թշնամին եւ միայն Շուշիի գրաւումով կը պայմանաւորէր պատերազմի դադրեցումը: Մոսկուայի մէջ չհաստատուած երեք զինադուլի համաձայնութիւնները արագօրէն խախտեցան: Յարգուեցաւ այն մէկը միայն, երբ Շուշին արդէն գրաւուած էր:

Մայիս 8-ը այսուհետեւ մեզի համար պիտի ունենայ այլ իմաստ: Շուշին վերաազատագրելու յանձնառութեան օր: Ռազմագիտական, մշակութային, աւելի՛ն` քաղաքակրթական նոյնիսկ, որովհետեւ միայն Շուշիի ազատագրումով եւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումով է, որ կը կասեցուի համաթուրանական յառաջխաղացքը:

Շուշին ազատագրելու մեր համազգային յանձնառութեան հիմք պէտք է դաւանիլ անցնող փետրուարին Արցախի Ազգային Ժողովին կողմէ որդեգրուած ապաբռնագրաւման օրինագիծը:

Օրէնքը կը սահմանէ 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն` Ազրպէյճանի եւ 2020 թուականին` Թուրքիոյ եւ օտար զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան վրայ իրականացուած ռազմական յարձակումին հետեւանքով բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակին եւ անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ դրութեան, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան կապուած յարաբերութիւնները:

Խօսքը միայն 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով արձանագրուած կորուստներուն մասին չէ. համապարփակ է եւ կ՛ընդգրկէ պատերազմի բոլոր փուլերը: Այստեղ նկատի առնուած է նաեւ իրաւական բաժինը, միջազգային իրաւաչափութիւնները` թղթածրարը միջազգային համապատասխան կառոյցներ ներկայացնելու առաջադրանքը: Օրէնքով սահմանուած մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքները, պետական կառոյցներու գործունէութեան փաստը եւ ընդհանրապէս տարածքներու կարգավիճակը:

Շուշին առանցքային է այս բոլորին մէջ. անոր ազատագրումը կենսական է բոլոր տարածքներուն ապաբռնագրաւման համար. անոր ազատագրումը պայման է` Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման համար: Շուշիին վերակցումը Արցախին անվտանգութեան երաշխիք է ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութեան համար:

Շուշիի եկեղեցիներուն եւ մշակութային կոթողներուն բնաջնջման քաղաքականութեան վրայ լոյս սփռելը, փաստերով յագեցած իրաւական թղթածրարներու պատրաստութիւնը եւ ներկայացումը միջազգային մշակութապահպան կազմակերպութիւններուն  հրամայական է` քաղաքակրթութիւն մը անհետացնելու պատերազմ յայտարարած պետական ահաբեկչութեան ծալքերը բանալու եւ հանրայնացնելու ուղղութեամբ:

Ազրպէյճանի հետ սահմանազատումն ու սահմանագծումը պիտի կայանայ միայն Շուշիի ազատագրումէն եւ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումէն ու Արցախի ճանաչումէն ետք: Աւելի ճիշդ` Արցախն ու Ազրպէյճանն են, որոնք պիտի սահմանազատուին: Իսկ այդ մէկը` միայն Շուշիի ազատագրումով:

comments

Advertisement