Հայաստանեան Ուսանելի Զրոյցներ Եւ Պատկերներ

By Hayrenik | Wednesday, 11 May 2022

Յ. Պալեան

Հայաստանը եւ հայաստանցին ճանչնալու համար, մտէ՛ք ժողովուրդին մէջ, զրուցեցէ՛ք իր արտէն Երեւան վաճառելու բանջարեղէն բերած գիւղացիին հետ, այր թէ կին, տեսէ՛ք պետական կարեւոր պաշտօն զբաղեցնողի մայրը կամ կինը, թոշակառու հիւանդապահուհին, հէքթարներով հող վաճառող գիւղացիին «պատմութիւնը» լսեցէ՛ք:

Երկիրը հասկնալ փորձեցէ՛ք: Ինչե՜ր կը լսէք: Կը մտածէք, որ Հայաստան տարածք կորսնցնելու վտանգին դէմ չէ միայն, այլ ազգային եւ մարդկային արժէքներու կորուստի, այլ՝ ազգի եւ հայրենիքի: Ճառերը իրականութիւնները չեն վարագուրեր:

Հողի եւ հոգեբարոյական կորուստները զուգահեռ կ’ընթանան: Անոնց  նկատմամբ անտարբերութիւն եւ յանձնառութեան պակաս աւերի կը տանին: Այս հարցերուն մասին պէտք է խօսիլ առանց ճապկումներու եւ մարդորսական փորձերու:

Երանի անոնց, որոնք Հայաստան կ’երթան, կ’երթեւեկեն հիւրանոցէն ճաշարան եւ տեսարժան վայրեր, կը լուսանկարեն եւ կը վերադառնան, այն համոզումով, որ կատարած են իրենց հայրենասիրական պարտականութիւնը: Կրնան տարի մը ետք վերադառնալ, լաւ եւ յարմար գինով արձակուրդ անցնելու համար, տուն վարձել՝ երկար մնալու համար, բայց միշտ նոյն յայտագրով, առանց մտահոգուելու ժողովուրդով եւ հայրենիքով, առանց տագնապելու «միայն մէկ հայրենիք ունինք»ի գիտակցութեամբ: Դեռ կան հեռուէն տագնապողները, որոնք կը դիրքորոշուին, «իմաստուն» վերլուծումներ կ’ընեն, առանց անհանգստանալու:

Լսեցէ՛ք Հայ գիւղացին, որ վարունգ, խնձոր եւ կանաչի բերած կը վաճառէ Կոմիտաս պողոտայի կողքի փողոցներէն մէկուն ծայրի քառուղիին վրայ: Կը խօսի թրքախառն հայերէն, «սաղ»ով, «թասիպ»ով, ինչպէս իր «մեծերը»: Եթէ ըսէք, որ այդ բառերը թրքերէն են, կը պատասխանէ, որ դարերով թուրքերուն հետ ապրած ենք, եւ բնական է այսպէս խօսիլ: Տիկին մը կը հարցնէ. «Դուք դաշնա՞կ էք»: Կարծէք թրքերէնի դէմ ըլլալ կը նշանակէ դաշնակ կամ իշխանութեան դէմ ըլլալ:

Թուրքին հետ ապրած ըլլալ, բա՞ւ է ընդունելի համարելու լեզուի խաթարումը: Յիշե՛նք Պարոյր Սեւակի իմաստուն խօսքը, զայն իւրացնենք, որ վերականգնին մեր հոգեկանը եւ բարոյականը. «Այո՛, մեր նախնիները մեզ եւ աշխարհին փոքր ժառանգութիւն չեն կտակել: Բայց մենք պիտի հասկանանք եւ հասկանալով չմոռանանք երբեք, որ մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է»: Այս միտքը ինչո՞ւ միշտ չեն հնչեցներ ղեկավարութիւնները:

Եթէ Երեւանի փողոցներէն քալէք ցուցարարներուն հետ, կը տեսնէք պատշգամներէն կամ պատուհաններէն ծափահարողներ, նաեւ, հռոմէացի կայսրերու պէս մահուան դատապարտող բթամատը վար ընողներ, կայ աւելի ընդվզեցուցիչ անվայելը, կին մը միջնամատը ցոյց կու տայ, հայհոյանք եւ սպառնալիք չեմ ըսեր ինչ բանի, յետոյ կ’իմանաք որ այդ կինը այսինչ «կարեւոր պաշտօն զբաղեցնողի մը մայրն է», քանի որ Հայաստանի մէջ ամէն մարդ ամէն մարդու կը ճանչնայ:

Երբ զրուցակից փոխէք, ամբաստանութիւնները եւ լուտանքները հասցէ կը փոխեն: Մարդիկ զիրար չեն լսեր: Ցոյցերու մասնակիցներ եւ կողմնակիցներ իշխանութեան հանդէպ յոռեգոյն ամբաստանութիւնները կ’ընեն. դաւաճանութիւն, լրտեսութիւն, իշխանութեան չարաշահում՝ ցուցարարները զսպելու եւ պատժելու համար, կը խօսին վարչապետի վախի մասին, որ հակառակ եղած սկզբնական ազատութեան եւ ապահովութեան խոստումներու, ոստիկանական շարասիւններով կը շրջի: Իշխանամէտները կ’ըսեն, որ այս ցոյցերու նպատակն է «նախկիններ»ը վերադարձնել, «թալանչի»ները: Եւ ճակատներ յարդարուած են:

Ամենօրեայ պատկեր են ոստիկանական ջոկատները, որոնց վրայ կը գումարուին «կարմիր պերէտաւորներ»ը: Երեւանի փողոցներով քալելով անցնողներու բազմութիւնը կ’աճի անոնց վրայ հսկող ոստիկաններով: Նոյն հսկողութիւնը՝ երբ միայն կիներ կը քալեն: Յուսադրիչը այն է, որ ցարդ անցանկալի բախումներ չեղան, հակառակ ոստիկաններու երբեմն կիրառած բրտութիւններուն, ինչպէս՝ անչափահասի ձերբակալութիւն:

Երբ յոգնած կը վերադառնաք, կը տեսնէք նաեւ անտարբերներ, որոնք «ճոկինկ» կ’ընեն, առանց պահ մը կանգ առնելու եւ դիտելու ցուցարարները:

Կացութիւնը կը թուի «կղպուած» ըլլալ: «Մաշումի պատերազմ», «guerre d’usure», որուն հետեւանքով երկիրը առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, չի գործեր, ինչպէս նորահայերէնով կ’ըսեն՝ «պարալիզուած» կ’ըլլայ:

Ինչ կը վերաբերի «թալանչի»ներու վերադարձի ուրուականային սարսափի չարաշահման, կեցէ՛ք ցուցարարներու թափօրի անցքի ճամբուն վրայ եւ դիտեցէ՛ք մարդոց դէմքերը. երէցներ, երիտասարդներ, անոնք ո՛չ պալատներ ունին ո՛չ ալ գերմանական մակնիշով ինքնաշարժներ:

Ցոյցերու հետ կապ չունեցող զրոյցներ եւ պատկերներ ալ կան: Կ’իմանանք, որ հայ գիւղացի մը, իր քանի մը հեքթար տարածութեամբ հողամասը վաճառած է, որպէսզի ամերիկեան մակնիշով մեծ ինքնաշարժ մը գնէ, ուրիշ մը նոյնը ըրած է իր տարեդարձը տօնելու համար:

Ի՞նչ եզրակացնել: Հայրենասիրութեան կորուստ, վայրագ սպառողական ընկերութեան նուաճում:

Թշնամիներու տիքթաթներուն ենթակայ Հայաստանը աւելի քան երբեք կարիք ունի անբասիր հեղինակութեամբ ղեկավարի, քարիզմ-խարիզմա ունեցող, որպէսզի միաւորէ ազգը նոյն հեռանկարներու շուրջ: Ազգը, նաե՛ւ մրրկաւ անջատուածներով:

Միշտ պէտք է յիշեցնել ազգի իրաւ մտաւորականութեան դերը: Ան պէտք է ժողովուրդին ճամբացոյց ըլլայ, կոչ ընէ, որպէսզի ուժական եւ քարոզչական սադրանքներու չենթարկուի եւ տէր ըլլայ իր ազգային ժառանգութեան:

Վստահիլ ղեկավարին միշտ մնալով հիմնական արժէքներու պահակի դերին մէջ: Ժողովուրդը միշտ պէտք է ըլլայ վերահսկող եւ մերժէ բախտախնդիրները, որոնք իշխանութիւնը կը չարաշահեն ես բաւարարելու եւ նիւթապաշտութեան համար:

Յիշենք Գարեգին Նժդեհի իմաստութիւնը. «Ազգերը չեն ունեցել եւ պիտի չունենան աւելի մեծ թշնամի, քան նիւթապաշտ առաջնորդը»: Մտաւորականի պարտականութիւնն է հսկել եւ դատափետել նման ամէն բնոյթի «ազգի թշնամի»:

Եթէ հայրենասէր ենք, ներսը եւ դուրսը, կը գործենք Վոլֆկանկ Կէօթէի իմաստութեամբ, որ «Օտար երկիրը հայրենիք չի դառնար»: Եթէ հասկնանք, չենք արտագաղթեր, կ’ըլլայ հայրենադարձութիւն, կը հզօրանանք, որ տոկանք եւ տեւենք: Առաջնորդը պէտք է գնահատել այս ըմբռնումով: Ինքնաքննադատութեան ազնիւ փորձէ մը ետք, կրնանք ընդգրկուիլ ազգաշէն ուղիի մէջ:

«Կարմիր ծովը» անցնող առաջնորդը պէտք է գտնել եւ հետեւիլ անոր:

Ազգի արգանդը ամուլ չէ: Ողջմտութեամբ եթէ առաջնորդուինք «ճիշդ մարդը ճիշդ գործին» գլուխը կանգնեցնելով:

Եսերու գերանցումով կը կերտուին ապագան եւ յաղթանակները:

Պիտի կարենա՞նք այդ ընել, մեծնալով, երբեմն ըսելով՝ դուն ալ իրաւունք ունիս, եւ դադրիլ պարտութիւն եւ նահանջ յաջողութիւն համարելէ:

comments

Advertisement