Դէպի Արեւելք, Թէ Արեւմուտք

By Armenia Media | Sunday, 01 May 2022



Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս Պրիւքսէլ եւ Մոսկուա կատարած այցելութիւնները եւ այդ առթիւ գրաւոր ու բանաւոր կատարուած յայտարարութիւնները, յստակօրէն բացայայտեցին մէկ կարեւոր իրողութիւն.- Հայաստանը կանգանած է երկուքէն մէկուն ընտրութեան առջեւ, որ երկու պարագային ալ լի է ,լուրջ ու վտանգաւոր հետեւանքներով:

Դժբախտաբար չորս տարիներու ապիկար կառավարման եղանակը ու արտաքին քաղաքականութեան անորոշութիւնները, ինչպէս նաեւ 44 օրուայ խայտառակ պարտութիւնն ու աշխարհաքաղաքական բարդ կացութիւնը մեզ դրին այս վիճակին մէջ:

Անկախութիւնէն ի վեր շուրջ 30 տարիներ շատ յստակ էր Հայաստանի դիրքորոշումները եւ ընդունելի թէ' Արեւմուտքին եւ թէ' Արեւելքին կողմէ: Ան կը կայանար հետեւեալ սկզբունքին վրայ.- Ռուսաստանն է Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը որպէս շրջանի հզօր ուժ, սակայն Հայաստանը ունի ուրոյն քաղաքականութիւն եւ սերտ յարաբերութիւններ ու գործակցութիւն Արեւմուտքի հետ:

Այս սկզբունքի որդեգրումը 30 տարիներու  ընթացքին, հակառակ օրուայ իշխանութիւններու բազմատեսակ թերութիւններուն առաջնորդեց Հայաստանը հզօրացման ու զարգացման:

Այսօր պատկերը հիմնովին տարբեր է, որովհետեւ Հայաստանը որպէս անկախ երկիր, ո'չ Ռուսաստանի անկեղծ ռազմավարական դաշնակիցի վստահութիւնը կը վայելէ եւ ո'չ ալ Արեւմուտքին վստահութիւն կը ներշնչէ, որպէս Կովկասի տարածաշրջանին մէջ վճռական խօսք ունեցող երկիր:

Այսքանը արտաքին ձախողումներու գծով, իսկ եթէ ասոր վրայ աւելցնենք ներքին կեանքի ձախողումներու հիմնական կարգ մը կէտերը, առանց խորանալու բոլորին, որոնք բազմաթիւ եւ տասնեակներով են, կրնանք պարզապէս նշել հետեւեալները.-

1-     Արցախի խաղաղ բանակցութիւններու ձախողում

2-     44 օրուայ պատերազմ, հազարաւոր զոհեր, վիրաւորներ, գերիներ եւ Արցախի որոշ շրջաններու կորուստ

3-     Երկրի ընկերային եւ տնտեսական վիճակի վատթարացում, աղքատութեան մակարդակի բարձրացում, գործազուրկներու թիւի աճ եւ արտագաղթի իրավիճակի խորացում

4-     Պետական պարտքի յաւելում 3 միլիառ տոլարով, որ աննախընթաց է

5-     Հայաստանի հիմնական դրացի երկիրներու հետ յարաբերութեանց վատթարացում

6-     Կոռուպցիայի դէմ պայքարի կատարեալ ձախողութիւն

7-     Հասարակութեան աննախադէպ բեւեռացում ու թշնամանքի սերմանում

8-     Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ բացասական կեցուածք

9-     Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու լարուածութիւն

 

Բաւարարուելով յիշեալներով եւ նկատի ունենալով թէ' արտաքին եւ թէ' ներքին ձախողութիւնները, որեւէ պարկեշտ քաղաքական գործիչ կը ներկայանայ հանրութեան եւ կը ներկայացնէ հրաժարականը իր ձախողութիւնները յայտարարելով:

Բայց այդ մէկը կատարելու համար պէտք է իսկական դուխ ունենալ, որմէ փաստացի զուրկ էին վերջին 4 տարիներու իշխանութիւնները:

Անցնելով եզրափակիչ խօսքի, պէտք է շեշտել թէ այսօր Հայաստանը կարիքը ունի այնպիսի ղեկավարութեան, որ Հայաստանը դուրս կը բերէ Արեւելքի կամ Արեւմուտքի ընտրութիւնը կատարելու հարկադրանքէն եւ կը վերահաստատէ երկուքին հետ անկեղծ ու համերաշխ գործունէութեան հրամայականը:

Միայն այս ձեւով Հայաստանը կրնայ վերականգնիլ եւ տեղ զբաղեցնել միջազգային քաղաքական հարթակին վրայ, մնացեալ բոլոր խաղաղասիրական կեղծ փորձերը ինքնախաբէութիւն են ու անանկ ջանքեր, որոնք կրնան պատճառ դառնալ ցեղասպանական նոր արարքներու, որոնցմով հարուստ էր աշխարհի պատմութիւնը 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն:

Իրականանալու համար այս մէկը կամ իշխանութիւնը պէտք է իսկական դուխ ունենայ հեռանալով հրապարակէն եւ կամ ալ ժողովուրդը արթննալով իր թմբիրէն պէտք է ոտքի կանգնի եւ հայրենիք կորսնցնելու հոտառութիւնը զգալով գործի լծուի իրականացնելու այդ մէկը եւ ապա իր քուէներով վստահելու երկրի կառավարումը որ ազգային ուժին որ կը փափաքի:

Այս է միակ ելքը, եթէ իսկապէս հայրենասէր ենք եւ պատուախնդիր արժանի հայրենիք կերտելու:

Ասատուր Շուկայեան

comments