By Asbarez | Thursday, 05 May 2022
ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ, «ՄերքօՓրէս»․- Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Երեքշաբթի օր միաձայնութեամբ դէմ քուէարկեց Թուրքիոյ մօտ նոր դեսպանի նշանակման՝ անսալով «Ընդարձակ Ճակատ» ընդդիմադիր դաշինքի հայ ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեանի առաջարկին։
Որոշումը հակադարձութիւն մըն էր Ուրուկուէյի թրքական դեսպանատան առջեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող ցոյցին մասնակցող հայերուն՝ թուրք ազգայնամոլներու նշանը ցոյց տալու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի տգեղ քայլին, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է երկրին մէջ եւ արժանացած է Ուրուկուէյի նախագահին եւ այլ պաշտօնատարներու քննադատութեան։
Դեսպանի նշանակման հարցը վերադարձուած է Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին: Ծերակուտականները շեշտեցին, որ որոշումը որեւէ առնչութիւն չունի դեսպանի պաշտօնին թեկնածուի անձին հետ:
Միւս կողմէ, Չաւուշօղլու յայտարարեց, թէ ահաբեկչական «Գորշ գայլեր»ու նշանը ընելը «հարկաւոր քայլ մըն էր տգեղ եւ այլանդակ քայլերու դիմած ցուցարարներուն դէմ»՝ պնդելով, որ Ուրուկուէյի իշխանութիւնները պէտք չէ վիրաւորուած զգան․․․
Ան աւելցուց, թէ Ուրուկուէյի իշխանութիւնները պէտք չէ արտօնէին, որ նման ցոյց մը կատարուի, իր հասցէին քննադատութիւնները անտեղի համարելով։
comments
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ
Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
ԵԱՀԿի Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղեց Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն
Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկեցին Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը