By Asbarez | Saturday, 11 June 2022
ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Շուէտական «Պլենքսփաթ» կայքին կողմէ (Ա․ եւ Բ․ մաս) կատարուած հետախուզութիւն մը բացայայտած է, թէ 44օրեայ պատերազմին յաջորդող հանգրուանին՝ 2021ին, երբ Շուէտ ստանձնած էր ԵԱՀԿի նախագահութիւնը եւ Արցախի տագնապին գծով բանակցութիւններուն կարեւոր դերակատարներէն մէկը կը հանդիսանար Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ, առնուազն 2010էն ի վեր Պաքուի կողմէ վարձուած շուէտական հիմնարկ մը՝ ISDP-ը, խորհրդատուութիւն կատարած է նաեւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան, լրջօէն հարցականի տակ դնելով անոր անկողմնակալութիւնը։
«Պլենքսփաթ» հաստատած է, թէ հիմնարկը իր գումարները կը ստանայ Ատրպէյճանի բռնատիրական կառավարութեան ուժանիւթի ընկերութիւններէն եւ ցաւ կը յայտնէ, թէ նախարարութիւնը շարունակած է գործակցիլ ISDP-ի հետ, նոյնիսկ Պաքուի հետ անոր յարաբերութիւններուն բացայայտումէն ետք։
Կայքը հասած է այն եզրակացութեան, որ ISDP-ի միջամտութիւնները պատճառ դարձան, որ Շուէտ ամէն առիթով շեշտը Արցախ տագնապի վերջնական լուծումէն հեռացնէ եւ կեդրոնայ միայն զինադադարի պահպանման ջանքերուն վրայ։
comments
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
ԵԱՀԿի Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղեց Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն
Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկեցին Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը