By Asbarez | Monday, 24 May 2010
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական <<Զաման>> օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր ուժերը կը քննադատեն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարած արտաքին քաղաքականութիւնն ու մասնաւորաբար Անգարայի ստանձնած միջնորդական առաքելութիւնները այս կամ այն տարածաշրջանի հարցերուն մէջ։ Ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Մեմետ Շանտըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Էրտողան երկրէ երկիր շրջելով՝ փաստօրէն կը փախչի իր սեփական ժողովուրդէն։
<<Սովը, գործազրկութիւնն ու չքաւորութիւնը արդէն դժոխային պայմաններու կը վերածուին։ Պատասխանատուն վարչապետն է։ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յանուն թուրք ժողովուրդին կը կառավարէ Թուրքիան։ Առանց Թուրքիոյ խնդիրները լուծելու Էրտողան այստեղ ու այնտեղ կը վազէ։ Իրանի, Հայաստանի կամ Սուրիոյ կամ մէկ այլ երկրի հետ կապուած միջազգային հարցերու լուծումը միայն վարչապետ Էրտողանի ուսերուն չեն ինկած։ Ան այս ժողովուրդին վարչապետն է։ Նախ եւ առաջ ան այս ժողովուրդին հարցերուն պէտք է հոգ տանի>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ