Կիւլ Նախագահ Պիտի Մնայ Մինչեւ 2014

By Asbarez | Friday, 15 June 2012

ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը 4ի դէմ 12 քուէներով, Ուրբաթ, Յունիս 15ին մերժեց ընդդիմութեան ներկայացուցած այն դիմումը, թէ նախագահ Ապտուուլլահ Կիւլի պաշտօնավարութիւնը պէտք է Օգոստոսին աւարտի, որուն շնորհիւ՝ ան նախագահի պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2014:

Սահմանադրական ատեանը նաեւ վճռած է, թէ Կիւլ կրնայ երկրորդ անգամ նախագահ ընտրուելու համար իր թեկնածութիւնը առաջադրել, սակայն կ՛ակնկալուի, որ ան պաշտօնէն հեռանայ՝ առիթ տալով վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ նախագահ ընտրուի: Էրտողան, մինչ այդ, կը փորձէ սահմանադրական այնպիսի փոփոխութիւններ կատարել, որ ամերիկեան օրինակով նախագահական դրութիւն մը հաստատուի Թուրքիոյ մէջ՝ յաւելեալ իրաւասութիւններ շնորհելով նախագահին:

comments