By Asbarez | Sunday, 26 September 2010
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ (Արեւմտեան Հայաստան) բնակող դաւանափոխ հայերը սկսած են խօսելու իրենց ծագման մասին եւ ներկայացնելու փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն իրենց քրիստոնեայ ըլլալը: Այս մասին կը գրէ «Yenicaggazetesi» թրքական թերթը: «Թուրքիայում նաեւ մեծ պահանջարկ ունի «Դաւանափոխ հայեր» գիրքը», կը յայտնէ «ՓանԱրմինիըն»ը:
«Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք, մինչեւ իր սպանութիւնը, յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած էր դաւանափոխ հայերուն հարցը: Տինք իր մէկ յօդուածին մէջ գրած էր, որ շուրջ 300 հազար դաւանափոխ հայեր կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ, եւ որ այդ թիւը, ըստ իրեն, ուռճացած չէ. իրականութեան մէջ՝ անոնք շատ աւելի շատ են:
«Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի դաւանափոխ հայերի խնդիր: Հրանդ Տինքը Հայաստան կատարած իր այցի ժամանակ, իր գործընկերներուն հարց ուղղած էր. «Դուք կը խօսիք 1.5 միլիոն սպաննուածներու մասին: Սակայն շուրջ 500 հազար հայեր դաւանափոխ եղան ու թրքացան: Ինչո՞ւ ուշադրութիւն չէք դարձներ այս փաստին», կը գրէ թրքական «Yenicaggazetesi» թերթի մեկնաբան Արսլան Բուլուտը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ