Թուրք Նախարարը Կը Փորձէ Մեղմել Էրտողանին Յայտարարութիւնը

By Ազատութիւն | Monday, 17 January 2011

ՊՈԼԻՍ, «Ազատութիւն».- Թրքական իշխանութիւնները կարծես կը փորձեն չէզոքացնել այն բացասական ազդեցութիւնը, զոր գործեց վարչապետ Ռեչեփ Էրտողանի՝ Կարսի մէջ ունեցած վերջին ելոյթը:

Յիշեցնենք, որ այդ ելոյթին ընթացքին թրքական կառավարութեան ղեկավարը կոչ ըրած էր քանդելու քաղաքի մերձակայ բլուրներէն մէկուն գագաթին գտնուող՝ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող կիսակառոյց յուշարձանը:

Յունուար 10ին, սակայն, անդրադառնալով յայտնի թուրք քանդակագործ Մեհմետ Աքսոյի հեղինակած նշեալ յուշարձանի ճակատագիրին՝ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ փորձած է որոշ չափով մեղմել Էրտողանի յայտարարութիւնը. «Մենք ցանկութիւն չունինք անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելու այս կամ այն արուեստագէտին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ, որեւէ ստեղծագործութիւն մէկ կողմ նետելու նպատակ չենք հետապնդեր: Կարսի յուշարձանը իրեն մէջ ամբողջացուցած էր ճշմարիտ թեմա մը. անիկա կը կրէր բարեկամութեան ուղերձ: Պարզապէս, վերջին տարիներուն լուրջ բանավէճեր կը ծաւալէին այն վայրին մասին, ուր տեղադրուած է յուշարձանը», ըսած է նախարարը:

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» պարբերականի խմբագիր Արա Գոչունեանի համաձայն, իր յայտարարութիւններուն մէջ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարը աւելի հեռուն գացած է՝ փորձելով համոզել, թէ Էրտողանի քննադատութեան իրական թիրախը եղած է ոչ թէ յուշարձանը, այլ՝ յարակից շինութիւնները:

«Տուեալ պահուն առկայ է իրավիճակի որոշ փոփոխութիւն: Մշակոյթի նախարարը ըսած է, թէ վարչապետին խօսքը ոչ թէ յուշարձանին կը վերաբերէր, այլ՝ մերձակայ ապօրինի շինութիւններուն: Նախարարին խօսքով, վարչապետին ակնարկը ուղղակի այդ շինութիւններուն մասին էր, որոնք կը գտնուին այն նոյն բլուրին վրայ, ուր զետեղուած է յուշարձանը», նշած է պոլսահայ լրագրողը:

«Կարսի բնակիչներուն 20 տոկոսը ատրպեճանական արմատներ ունի: Յուշարձանի կառուցման առումով այդ ազգայնականները լուրջ վերպահումներ ունէին եւ բողոքով դիմած էին մշակոյթի նախարարութիւն: Ընդհանուր առմամբ, թերթերը այս յուշարձանին կառուցման գաղափարը կը կապեն Կարսի նախկին քաղաքապետի անունին, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ու սահմանի բացման ջատագովներէն էր», աւելցուցած է Գոչունեան։

comments