By Asbarez | Tuesday, 04 June 2013
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայկական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Թաքսիմի հանրապարտէզին շրջակայքը, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդային ապստամբութեան եւ խռովութիւններու մեկնակէտը հանդիսացաւ, ժամանակին իր մէջ կը ներառնէր նաեւ հայկական հսկայ Ս. Յակոբ գերեզմանատունը։
Պատմական տուեալներու համաձայն՝ ԺԶ. դարուն, Սուլթան Սիւլէյման այդ տարածքը շնորհած էր հայերուն, որպէս վարձատրութիւն հայ խոհարար Մանուկ Քարասէֆէրեանի կողմէ իր կեանքի փրկութեան դիմաց )խոհարարը մերժած էր թշնամիին դաւին մեղսակից դառնալ եւ թունաւորել իր սուլթանը)։ Ուրեմն, այդ հողերը մօտաւորապէս չորս դար հայերու պատկանելէ եւ որպէս հայկական գերեզմանատուն ծառայելէ ետք, 1930ականներու վերջաւորութեան գրաւուած են պետութեան կողմէ եւ ամբողջութեամբ քանդուած։ Հոն կառուցուած է նոր թաղ մը՝ շէնքերով եւ խնդրայարոյց «Կեզի» հանրապարտէզով։
Միւս կողմէ՝ կայ հետաքրքրական այլ պնդում մը եւս։ Կ՛ըսուի, որ Ս. Յակոբ գերեզմանատան մէջ, 1919ին կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր համաշխարհային առումով։ Այդ տարին, այդ նպատակով կազմուած է յանձնաժողով մը եւ մշակուած է ոգեկոչումներու ծրագիր մը։
Թէոդիկ եւս մաս կը կազմէր այդ յանձնաժողովին։ Կ՛ըսուի նաեւ, որ Թէոդիկի «Յուշարձան Ապրիլ Տասնմէկի» հատորի կողքին վրայ զետեղուած նկարը կը պատկանի նշեալ յուշարձանին, բայց այս մասին կը պակսին ստոյգ տուեալներ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ