Եւրոխորհրդարանը Կը Քննադատէ՝ Մինչ Էրտողան Կը Շարունակէ Սպառնալ

By Asbarez | Thursday, 13 June 2013

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յունուար 13ին, Եւրոխորհրդարանը իր ձայնը միացուց Թուրքիոյ մէջ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին կայացած ցոյցերու մասնակիցներուն դէմ ի գործ դրուած ոստիկանական բռնարարքները քննադատողներու ձայնին՝ կոչ ընելով վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ աւելի հանդուրժողական կեցուածք որդեգրէ: Միաժամանակ, Եւրոխորհրդարանը ողջունեց նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչի որդեգրած աւելի մեղմ կեցուածքները:

Սակայն, Էրտողան դատապարտեց Եւրոխորհրդարանին այս կոչը՝ հարց տալով. «Իրենք զիրենք ո՞վ կը կարծեն, որ նման որոշում կու տան»: Ան անգամ մը եւս «վերջին զգուշացում» տուաւ ցուցարարներուն, որ հեռնան Թաքսիմի հրապարակին կից գտնուող «Կեզի» զբօսայգիէն:

Էրտողան աւելցուց, թէ ոստիկանները իրաւունք ունին որեւէ ատեն արցունքաբեր նիւթեր գործածելու՝ հակադարձելով նման նիւթերու չափազան օգտագործման դէմ ներքին ու արտաքին քննադատութեանց:

Յայտնենք, թէ նման արցունքաբեր կազեր արձակող «փամփուշտ»ով մը գլուխէն վիրաւորուած 26ամեայ ցուցարար մը եւս մահացաւ Հինգշաբթի օր, ցարդ ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը 5ի հասցնելով: Վիրաւորուած են նաեւ աւելի քան 5000 քաղաքացիներ եւ 600 ոստիկաններ:

Ակնարկելով Էրտողանի եւ իր կողմէ որոշուած «ցուցարարներու ներկայացուցիչներուն հետ» Չորեքշաբթի օր կայացած հանդիպումին՝ մօտաւորապէս 70 ընկերակցութիւններ մէկտեղող «Թաքսիմի զօրակիցներ»ը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց եւ յայտնեց, թէ կազմակերպութենէն ոեւէ ներկայացուցիչ վարչապետին հետ հանդիպումին չէ հրաւիրուած, եւ թէ այնքան ատեն, որ «Կեզի» այգիին մէջ ոստիկանութեան բռնարարքները կը շարունակուին, այսպիսի հանդիպումներ ապարդիւն են:

Միւս կողմէ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Հիւսէյն Չելիք յայտարարեց, թէ կարելի է հանրաքուէ մը կազմակերպել Թաքսիմի հրապարակը վերափոխելու կապակցութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ իմանալ, թէ ի՞նչ է պոլսեցիներու մեծամասնութեան կարծիքը։ Ան յստակացուց, որ հանրաքուէն կրնայ կատարուիլ միայն «Կեզի» զբօսայգիին զօրանոցը վերակառուցելու հարցին շուրջ։ Ան եւս կոչ ըրաւ ցուցարարներուն, որ պարպեն զբօսայգին։ Չելիք դժգոհութեամբ յայտնեց, թէ «Սի.Էն.Էն.» եւ «Պի.Պի.Սի.» կայանները ցոյցերը կը ներկայացնեն «այնպէս մը, որ կարծէք հարիւրաւորներու յուղարկաւորութիւն ըլլային անոնք: Պաշշար Ասատ իր ժողովուրդը կը ջարդէ, սակայն Սուրիոյ մասին լուր չկայ», ըսաւ Չելիք:

Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու կոչ ըրաւ նախագահ Կիւլին, որ քաղաքական կուսակցութեանց ղեկավարներու ժողով մը հրաւիրէ՝ քննելու համար ցոյցերուն հարցը: Կիւլ մերժեց անոր առաջարկը եւ փոխարէնը՝ կոչ ուղղեց «օրինական ցուցարարներուն» հետ երկխօսութիւն կատարելու, այլ ոչ անոնց հետ, որոնք բռնարարքներու կը դիմեն:

Սպիտակ տունը դարձեալ մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ իրադարձութեանց կապակցութեամբ՝ աւելցնելով, որ «կը շարունակէ աջակցիլ խօսքի եւ հաւաքի ազատութեանց: Թուրքիոյ երկարատեւ կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը լաւագոյն ձեւով կ՛երաշխաւորուին խօսքի, համախմբումի ազատութեամբ եւ ազատ ու անկախ լրատուամիջոցներով: Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու սերտ գործընկեր մըն է, եւ թրքական իշխանութիւններէն կ՛ակնկալենք, որ հիմնարար ազատութիւնները պաշտպանեն»:

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց հանդարտութեան եւ հաւաքներ կատարելու ազատութիւնը յարգելու, ինչպէս նաեւ շեշտեց տարակարծութիւնները երկխօսութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը:

comments