Էրտողան «Կեզի»ի Մէջ Շինարարութիւնը Ժամանակաւորապէս Կը Սառեցնէ

By Asbarez | Friday, 14 June 2013

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թաքսիմի հրապարակին հարցը չէ լուծուած, բայց կը թուի, թէ կողմերը այլեւս մտած են խաղաղ համաձայնութեան ուղի։ Հինգշաբթի, Յունիս 13ին բաւական դրական զարգացում մը արձանագրուեցաւ, երբ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ ամէն օր երկար ժամեր կը տրամադրէ այս հարցին, Հինգշաբթի գիշեր շատ անսովոր ժամու մը՝ ժամը 23:30ին, Անգարայի վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Թաքսիմի զօրակցութիւն» խմբակէն պատուիրակութիւն մը, որ այս անգամ իրապէ՛ս կը ներկայացնէր Թաքսիմի ցուցարարները։ Հանդիպումը տեւեց մօտաւորապէս չորս ժամ, եւ արդիւնքը յուսադրիչ էր։

Վարչապետը, որ մէկ օր առաջ Թաքսիմի համար հանրաքուէ առաջարկած էր, Ուրբաթ օր ապահովութիւն տուաւ, որ «Կեզի» հանրապարտէզին մէջ շինարարական որեւէ քայլ պիտի չառնուի, մինչեւ որ այդ մասին դատարանը իր վերջնական որոշումը հաղորդէ։

Կը թուի, թէ Թաքսիմի ցուցարարները գոհ մնացած են Էրտողանի հետ ունեցած իրենց հանդիպումէն, թէեւ անոնք նախապէս կողմնակից չէին եղած հանրաքուէի առաջարկին։ Ցուցարարներու բանբեր մը յայտարարեց, որ կողմերը ներկայիս համաձայնած են երկու կէտերու վրայ. նախ՝ պիտի սպասուի դատարանի վճիռին, ապա՝ իշխանութիւնները պիտի պատժեն այն ոստիկանները, որոնք ժողովուրդին դէմ բռնարարքներու դիմած են։

comments