By Asbarez | Tuesday, 22 October 2013
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21ի երեկոյեան, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան ելոյթ մը ունեցաւ Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին
կազմակերպած հաւաքին ընթացքին՝ կրկնելով Թուրքիոյ պետական սուտերը ու փորձելով Թուրքիոյ մասին դրական պատկերացում մը ստեղծել աւելի քան 150 ներկաներուն մօտ:
Ձեռնարկին ընթացքին մօտաւորապէս 500 հայ ցուցարարներ բողոքեցին Պապաճանի ու անոր բեմ տրամադրելու մասին Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի որոշումին դէմ:
Պատասխանելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանի մէկ հարցումին՝ Պապաճան բացայայտեց, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով սկսած գործընթացը առաջին օրէն իսկ եռակողմանի գործընթաց մըն էր՝ Հայաստան-Թուրքիա եւ Ատրպէյճան-Թուրքիա ճիւղաւորումներով, ու միշտ կապուած եղած է Արցախի հարցին, հակառակ այն իրողութեան, որ ստորագրուած արձանագրութեանց մէջ ոչ մէկ նախապայմանի մասին կը խօսուէր:
«Ասպարէզ» այս մասին բացատրութիւն մը խնդրեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ, իր կարգին, բաւարարուեցաւ յղում մը կատարելով 2010ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի կողմէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի մէջ գրուած յօդուածին, ուր նախարարը կը յայտնէ, թէ Թուրքիա ոչ միայն չէ յարգած համաձայնութեան պայմանները ու չէ վաւերացուցած արձանագրութիւնները, այլեւ նախապայամններ աւելցուցած է՝ նախքան գործընթացին սկսիլն իսկ:
Միւս կողմէ, Պապաճան բացատրեց, թէ 2007ին, Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ սկսած այդ գործընթացին ժամանակ համաձայնութիւն գոյացած էր նաեւ «1915ի իրադարձութիւնները վերաքննելու» կապակցութեամբ յանձնաժողով մը կազմելու, իսկ գործընթացի ձախողութիւնը վերագրեց Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութիւն մը գոյացնելու ջանքերու ձախողութեան: Ան ըսաւ, որ ողբերգական դէպքեր տեղի ունեցած են 1915ին, սակայն Թուրքիոյ պետութիւնը բաւարար փաստեր չունի զանոնք «ցեղասպանութիւն» կոչելու համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ