By Արմէնփրէս | Tuesday, 10 May 2011
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ սկսած են ի յայտ գալ 1937-1938 թուականներուն Տերսիմի հայերու զանգուածային կոտորածներու մասին պատմող փաստաթուղթեր:
Թրքական «Սապահ» թերթն ու «Սի.Էն.Էն. Թուրք»ը կը յայտնեն, որ շարժապատկերի բեմադրիչ Օզգիւր Ֆնդըք, նկարահանած Տերսիմի մէջ 1937-1938 թուականներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին պատմող «Սեւ վակոն-38. Տերսիմեան աքսորները» խորագրուած փաստագրական շարժապատկեր մը, որ առաջին անգամ հանրութեան պիտի ներկայացուի Մայիս 5ին, Բիլգի համալսարանի մէջ:
Ֆիլմին մէջ այդ թուականներու իրադարձութիւններուն մասնակից երկու թուրք զինուորներ, որոնցմէ մէկուն անունը Հայտար Տետէ է, առաջին անգամ ըլլալով կը պատմեն, թէ ինչպէս հրամանատարութեան հրահանգով հաւաքած են գլխաւորաբար հազարաւոր հայ ծերեր, եւ զանգուածաբար՝ այրած զանոնք: Ֆիլմին մէջ այս ոճրային յանցագործութիւններուն մասին կը պատմեն Տերսիմի կոտորածի օրերուն աքսորուած եւ ողջ մնացած ականատեսներ ու անոնց ժառանգները: Շատերը կը պատմեն, որ իրենք Տերսիմի կոտորածի ժամանակ իմացած են իրենց հայկական ծագում ունենալուն մասին:
«Մենք չէինք գիտեր, որ հայ ենք, բայց պետութիւնը գիտեր: Մենք 1915ի կոտորածներէն մազապուրծ քրտացած հայերու յետնորդներն էինք: Մեր ծնողները կը վախնային յայտնել մեր ծագման մասին: Թէեւ մենք կրօնքով արդէն մահմետական քիւրտեր էինք, սակայն, պետութիւնը կը շարունակէր մեզ հայ համարել», թրքական «Աքթուել»ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին պատմած է ֆիլմին մէջ նկարահանուած Տերսիմի Խոզուն գիւղի նախկին բնակիչ Հասան Փոլատը:
1915ին Տերսիմի մէջ ապաստանած հայերը կը պատմեն նաեւ 1980ի Յուլիս 12ին եւ 1990ականներուն Թուրքիոյ մէջ կրկին կոտորածներու եւ բռնութիւններու ենթարկուելու մասին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ