By Asbarez | Monday, 27 June 2011
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ.- Յունիս 19ին, Թուրքիոյ քրտաբնակ Տիգրանակերտ (այժմ՝ Տիարպեքիր) քաղաքին մէջ, խումբ մը հայ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ, կրօնական յատուկ արարողութեամբ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեան Սուրբ Պատարագ մատուցեց վերանորոգուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ:
Տիարպեքիրի քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր այս առթիւ յայտնեց, թէ անցեալին պատահած դառնութիւններն ու անողոք արարքները դատապարտելով, նոր հանգրուանի մը սկիզբը պիտի դրուի Տիարպեքիրի մէջ:
Վերոնշեալ արարողութեան նախորդող օրերուն, քաղաքապետ Պայտեմիր յայտարարած էր, որ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ անպայման խաչ պիտի զետեղուի: Ան ըսած էր. «Եթէ մզկիթ մը մինարէթ չունի, չի կրնար մզկիթ համարուիլ: Նոյնպէս, եկեղեցի մը չի կրնար ամբողջական կրօնական կառոյց դառնալ՝ առանց խաչի: Հետեւաբար, Սուրբ Կիրակոսը խաչ պիտի ունենայ իր գմբէթին»:
Պայտեմիր անդրադառնալով քաղաքի պատմութեան, յայտնած է. «Տիարպեքիրը բազմակրօն, բազմամշակութային եւ բազմալեզու քաղաք է: Ան որքան իսլամներուն կը պատկանի, նոյնքան ալ քրիստոնեաներուն կը պատկանի: Ժամանակին հայերն ու ասորիները մեր հայրենակիցները եղած են: Թէեւ այսօր, անոնք սփռուած են աշխարհի չորս կողմը, ես յոյս ունիմ, որ օր մը անոնք կը վերադառնան»:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Միջին Արեւելքի ամէնէն մեծ հայկական եկեղեցին է: Եկեղեցւոյ պատերու արձանագրութիւններուն վրայ կառուցման տարեթիւ կը նշուի 1515-18 թուականը: Կրնայ ընդունիլ 1400 հաւատացեալ:
1913ին եկեցւոյ զանգակատունն ու գմբէթը փուլ եկած են կայծակի հարուածին պատճառով, որմէ ետք եկեղեցւոյ գմբէթը վերանորոգուած է ոսկեզօծ խաչով: 29 մեթր բարձրութեամբ նոր գմբէթը 1915ին թրքական բանակի թնդանօթները պայթեցուցած են, որովհետեւ շրջակայ մզկիթներու մինարէթներէն աւելի բարձր էր:
1915էն ետք Սուրբ Կիրակոսը կիսաւեր վիճակի մատնուած է եւ դադրած է գործելէ: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն օգտագործուած է որպէս զինանոց, իսկ պատերազմէն ետք՝ իբրեւ մթերանոց:
1960ին եկեղեցին վերադարձուած է Տիարպեքիրի հայութեան, սակայն նիւթական անբաւարար պայմաններու տակ գտնուելով, տարիներով մնացած է անխնամ վիճակի մէջ:
Եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախսերը կը գնահատուին 2.5 միլիոնով: Սփիւռքի եւ Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած նուիրահաւաքներու շնորհիւ արդէն գոյացած է պատկառելի գումար: Տիարպեքիրի քաղաքապետութիւնը նոյնպէս կատարած է նուիրատուութեան իր բաժինը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ