Կիւլեն Դատ Կը Բանայ Էրտողանի Դէմ

By Asbarez | Wednesday, 05 February 2014

ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Մարմարա».- Կիւլենի շարժումին մօտիկ «Զաման» թերթը հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի, Փետրուար 4ին, Կիւլենի փաստաբանները դատ բացած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ, Թուրքիոյ մէջ ծագած զեղծարարութեան գայթակղութեան պատճառով Կիւլի եւ անոր «Հիզմեթ» շարժումի հասցէին վարչապետին կատարած վարկաբեկիչ յայտարարութիւններուն համար: Կիւլեն 44,000 տոլարի վնասուց հատուցում կը պահանջէ վարչապետէն:

Էրտողան, գայթաղկութեան բացայայտումէն ետք՝ բազմաթիւ ոստիկաններ, ոստիկանապետներ ու դատախազներ պաշտօնազրկած է, մինչ Կիւլեն անհիմն կը համարէ այն պնդումները, թէ ինք դերակատարութիւն ունի զեղծարարութեան բացայայտումին մէջ: Կը նշուի, թէ «Հիզմեթ» շարժումի բազմաթիւ հետեւորդներ կան ոստիկանութեան ու արդարադատութեան մարզի պաշտօնէութեանց շարքերուն:

Մինչ Էրտողան գայթաղկութեան ամբողջ մեղքը կը բեռցնէ իշխանութեան հետ զուգահեռաբար գործող «կառոյց»ի մը վրայ, խորհրդարանական միւս կուսակցութիւնները, բազմաթիւ քաղաքագէտներ ու յօդուածագիրներ ծանր քննադատութիւն կը կատարեն իշխող կուսակցութեան հասցէին՝ պնդելով, թէ կառավարութիւնը կը փորձէ այս «աղէտ»ին ալ ուղղութիւն մը տալ, եւ այդ պատճառով, հրապարակ նետած է «զուգահեռ պետութիւն» գաղափարը:

Երեքշաբթի օր, ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններու ղեկավարները եւս քննադատութիւններու իրենց թիրախը դարձուցին «մեծ կաշառք»ը։ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու նշեց, որ վարչապետը ամէն ինչ կ՛ընէ քաղաքական օրակարգը փոխելու եւ ժողովուրդին ուշադրութիւնը բուն հարցէն շեղելու նպատակով։ «Վարչական զեղծարարութիւնը այլեւս հասած է անկառավարելի համեմատութիւններու՝ ջուրի երես հանելով կառավարութեան բոլոր զեղծարարութիւնները», ըսաւ Քըլըճտարօղլու, աւելցնելով, որ ունի անհերքելի փաստեր՝ իշխող կուսակցութեան «աղտոտ խաղեր»ուն մասին։

Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելի պնդեց, որ վարչապետին մօտիկ խումբ մը գործարարներ, միլիոնաւոր տոլարներու շահ ապահոված են՝ պետութենէն նուազուրդներ շահելով: «Վարչապետը կը թալանէ ժողովուրդը, իսկ զեղծարարութիւնները քօղարկելու համար՝ կը փորձէ դատական համակարգը փոխել ու իր դիրքը զօրացնել», յայտարարեց Պահչելի։

Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ եւս նոյն նիւթին մասին խօսեցաւ ու մեղադրական խօսքեր ուղղեց թէ՛ իշխանութիւններուն եւ թէ Կիւլենի համայնքին հասցէին՝ պնդելով, որ քաղաքական հաշուեյարդարը դժուար կացութեան մատնած է երկիրը։

Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օր Գերմանիա այցելած խումբ մը գերմանաբնակ թուրքեր, որոնք Էրտողանի դէմ են, բողոքի ցոյց մը կատարեցին՝ պահանջելով, որ օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատժուին «մեծ կաշառք»ի ամբաստանեալները:

comments