Թուրքիոյ Խորհրդարանը Իր Օրակարգէն Դուրս Կը Բերէ Արձանագրութիւնները

By Asbarez | Wednesday, 31 August 2011

Ատրպեճանական «1news.az» կայքը, վկայակոչելով թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները՝ կը նշէ, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնք պէտք է քննարկուէին Թուրքիոյ նախորդ խորհրդարանին կողմէ, իրենց իրաւական ուժը կորսնցուցած կը համարուին եւ այդ պատճառով ալ դուրս բերուած են խորհրդարանի օրակարգէն։

Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգէն դուրս բերուած է 898 օրինագիծ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւնները։

comments