ԼՂ հարցը խոչընդոտ մըն է Եւրասիական համարկման Պաքուի ջանքերուն. Փութինի խորհրդական

By Asbarez | Friday, 27 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը խոչընդոտէ Եւրասիական տնտեսական գօտիին միանալու Ատպէյճանի ջանքերը. այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խորհրդական Սերկէյ Կլազեւ, «Վեստնիք Քավքազա» համացանցային թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:


«Եթէ յաջողէինք վերջնականապէս կարգաւորել այդ հակամարտութիւնը եւ ապահովել կողմերու փոխըմբռնում ու Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն, ապա կը կարծեմ, որ խոչընդոտները, որոնք այսօր կը խանգարեն Ատրպէյճանը՝ դառնալու եւրասիական համարկումի լիարժէք մասնակից, մէջտեղէն կ՛անհետանային: Հաւանաբար այս է պատճառը այդ տարածաշրջանին նկատմամբ այսքա՛ն մեծ ուշադրութեան», ըսած է ան:


Կլազեւ ափսոսանք յայտնած է, որ Ատրպէյճան չի մասնակցիր եւրասիական տնտեսական համարկման գործընթացին: «Ռուսիա կը փափաքի Ատրպէյճանը տեսնել այդ գործըթնացի լիարժէք մասնակից: Ատրպէյճան մեր աւանդական եւ լաւ գործընկերն է, որուն հետ կ՛աշխատինք ամէն օր: Ատրպէյճան Ռուսիոյ մէկ մասն է՝ մշակութային, մարդկային եւ տնտեսական համագործակցութեան առումով», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահի խորհրդականը:

Յատկանշական է, որ Յունիս 17-18ին Պաքու այցելած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը կապուած չէ եւրասիական տնտեսական համարկումի գործընթացին հետ:


comments