By Asbarez | Monday, 30 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է, յայտնած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն՝ «Ամերիկայի Ձայն» ձայնսփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։
Դիւանագէտը յիշեցուցած է, որ Ուաշինկթըն Թուրքիան հրահրած է բանալ Հայաստանի հետ սահմանը, եւ այդ նպատակին ծառայելու կոչուած են Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները, «որոնք կապուած չէին որեւէ այլ հարցի հետ»: Անոր համաձայն՝ այս արձանագրութիւնները ստորագրելը համարձակ քայլ էր:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ արդեօք կրնա՞յ մղել Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը՝ ընդունելու Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին Հայաստան այցելելու հրաւէրը, դեսպանը նշած է, որ այդ մէկը Թուրքիան պէտք է որոշէ: Դեսպանը յայտարարած է, որ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը առաջընթաց քայլ էր: Սակայն դիւանագէտը նշած է, որ հայերը կը կարծեն, թէ աւելին պէտք է կատարուի: «Մենք պիտի շարունակենք օգնել ինչպէս որ կրնանք», հաստատած է Հեֆըրնը:
Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին խօսելով՝ դեսպանը դիտել տուած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները ջանասիրաբար կ՛աշխատին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման ուղիներ գտնելու նպատակով։ Ըստ անոր՝ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքին յանձնարարած են խթանել երկու կողմերը: «Ներկայիս շատ աննշան յառաջընթաց կայ բանակցութիւններուն մէջ: Դեսպան Ուորլիքին յանձնարարած են խթանել Պաքուն եւ Երեւանը՝ ուղիներ որոնելու համար եւ ստեղծելու առիթներ, որպէսզի երկիրները աւելի յաճախ կապ հաստատեն իրարու հետ», նշած է դեսպանը:
Պատասխանելով Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանի զէնք վաճառելու վերաբերեալ հարցումի մը՝ դիւանագէտը ընդգծած է, որ ինք Ատրպէյճանի դեսպանը չէ եւ չի գիտեր ի՛նչ կ՛ընեն այդ երկիրները: Սակայն Հեֆըրն յիշեցուցած է, որ բազմաթիւ յայտարարութիւններու մէջ համանախագահները կտրուկ կերպով քննադատած են ռազմական հռետորաբանութիւնը, սպառազինութիւն գնելը եւ սադրիչ գործողութիւնները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ