By Asbarez | Monday, 30 June 2014

ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիա բուռն կերպով քննադատեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին որդեգրած այն բանաձեւը, որով կոչ կ՛ըլլայ Անգարային՝ Թուրքիոյ եւ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ քրիստոնեաներէն գրաւուած եկեղեցական կալուածները վերադարձնելու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց. «Մինչ իր քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնները բարելաւելու համար Թուրքիոյ որդեգրած յստակ ու շօշափելի քայլերը, ներառեալ՝ ոչ իսլամ փոքրամասնութեանց համար, ակներեւ է, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ հակաթուրք շրջանակներու կողմէ՝ ներքին քաղաքական նկատառումներէ մղուած այսպիսի ոչ կառուցողական եւ անհիմն նախաձեռնութիւններ յառաջ մղելու փորձերը անընդունելի են»:
Հաղորդագրութիւնը «Թուրքիոյ համար անվաւեր» կը նկատէ սոյն բանաձեւը եւ կը շեշտէ, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ անյարիր են երկու աւանդական դաշնակիցներուն միջեւ առկայ գործընկերութեան եւ դաշինքին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ