By Asbarez | Wednesday, 02 July 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ շատ խիստ ոճով դատապարտած է «Աքշամ» թերթը, որ հրատարակած էր Թուրքիոյ զինեալ ուժերը վարկաբեկող լրատուութիւն մը։ Կիւլ դիտել տուած է, որ «այս պահուն, երբ մեր տարածաշրջանին մէջ արտակարգօրէն մտահոգիչ զարգացումներ կ՛արձանագրուին, աւելի քան ուշադիր պէտք է ըլլանք մեր ազգային շահերուն պաշտպան կանգնող բանակին մասին հրատարակութիւններուն մէջ»։
Թերթը, որ կառավարութեան կողքին կանգնած թերթերէն մէկն է, շաբաթասկիզբին հրատարակած էր լուր մը, ըստ որուն՝ բանակին մէջ կային առնուազն քառասուն հրամանատարներ, որոնք Կիւլենի համայնքէն են եւ կը հանդիսանային «զուգահեռ հրամանատար»ներ։ Ըստ թերթին՝ քննիչ մարմին մը, վարչապետին իսկ հրահանգով, երեք ամիսէ ի վեր աշխատանք տարած է այս ուղղութեամբ եւ ի վերջոյ ճշդած է, որ մօտաւորապէս քառասուն զօրավարներ ու ծովակալներ Կիւլենի համայնքին համար կ՛աշխատէին՝ սպասարկելով վարչապետին կողմէ «զուգահեռ պետութիւն» կոչուած կազմակերպութեան։
Նախագահը նաեւ դիտել տուած է, որ ինք այս հրատարակութիւնը կը նկատէ անպատասխանատուութեան արտայայտութիւն՝ պնդելով, որ պէտք է գուրգուրալ բանակին վրայ, որ՝ «մեր ազգային շահերուն թիւ մէկ պաշտպանն է»։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ