Իրան դէմ է Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ ուժերու տեղակայման

By Asbarez | Friday, 18 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Իրան դէմ է տարածաշրջանին մէջ արտասահմանեան խաղաղապահ ուժերու տեղակայման: 18 Յուլիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռէիսին:


Մեկնաբանելով ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ խաղաղապահներու տեղաւորման հաւանականութիւնը՝ իրանցի դիւանագէտը յայտարարած է, որ պաշտօնական Թեհրանը նմանատիպ նախաձեռնութեան դէմ է: Անոր համաձայն՝ հարցին լուծումը կախեալ է Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբէն: «Սակայն ես վստահ եմ, որ օտար ուժերու տեղակայումը սպառնալիք է տարածաշրջանային անվտանգութեան: Վառ օրինակ են Իրաքն ու Աֆղանիստանը», յայտարարած է դեսպանը:

Միեւնոյն ատեն դեսպանը ընդգծած է, որ Իրան դէմ է տարածաշրջանին մէջ որեւէ բռնութեան: Իրանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման կողմ եղած է միշտ եւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը շատ հաւանական չի նկատեր:

 


comments