By Asbarez | Tuesday, 26 August 2014

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է յաւելեալ ջանք տանի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի մը հասնելու ուղղութեամբ։ Ան աւելցուցած է, որ բանակցութիւններուն իրենց անմիջական մասնակցութիւնը պէտք է բերեն նաեւ նախագահ Պարաք Օպաման ու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերին։
Պրայզա յայտնած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներ են, ինչ որ, ըստ Պրայզայի՝ կրնայ յանգեցնել Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած չորս բանաձեւերու պահանջներու կատարման։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ