By Asbarez | Tuesday, 09 September 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 Սեպտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի եւ խորհրդարանի խումբ մը անդամներ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Արցախ-Ֆրանսա յարաբերութիւններու, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է խորհրդարանական կապերու սերտացման։
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախը Ֆրանսան կը նկատէ բարեկամ երկիր եւ մեծապէս հետաքրքրուած է անոր հետ յարաբերութիւններու շարունակական խորացմամբ:
Հանդիպման կը մասնակցէին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ