By Asbarez | Monday, 06 October 2014

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Հոկտեմբեր 4ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է Ֆրանսայի Պուրկ Լէ Վալանս քաղաքի պատուիրակութիւնը՝ քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէի գլխաւորութեամբ:
Ողջունելով պատուիրակութեան անդամներուն Արցախ այցելութիւնը՝ Կարէն Միրզոյեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ֆրանսայի միջեւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ընդլայնման համար՝ նշելով, որ երկու երկիրներու համայնքներուն միջեւ ուղղակի կապերու հաստատումը կարեւոր ներդրում է Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով:
Մարլէն Մուրիէն իր կարգին յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի տարբեր համայնքներու հետ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան հաստատումը պիտի նպաստէ, որ Լեռնային Ղարաբաղ իր կապերը ընդարձակէ արտաքին աշխարհին հետ՝ ընդգծելով, որ ֆրանսական համայնքներու ներկայացուցիչները պիտի դառնան իւրայատուկ դեսպան՝ այսպիսի համագործակցութեան ընդարձակման գործին համար:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են տարբեր ոլորտներու մէջ գործնական համագործակցութեան հաստատման հեռանկարներու առնչուող շարք մը հարցեր:
Հանդիպման ներկայ եղած է Ֆրանսայի մէջ Միջին Արեւելքի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը:
Պուրկ Լէ Վալանս քաղաքի պատուիրակութեան անդամները հանդիպեցան նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ