Լեռնային Ղարաբաղի ազգային ժողովի նախագահը Պրիւքսէլ կ՛այցելէ

By Asbarez | Wednesday, 15 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 14 Հոկտեմբերին աշխատանքային այցելած է Պրիւքսէլ։
Ըստ Ղարաբաղի խորհրդարանի պաշտօնական կայքին՝ նոյն օրը Ղուլեան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ մասնակցած է Աննա Աստուածատրեան-Թուրքոթի 1988-1991 թուականներուն Ատրպէյճանի հայաշատ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն նուիրուած «Ոչ Մի Տեղ. Աքսորի Պատմութիւն» գիրքի շնորհահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ:


Ձեռնարկին, որուն մասնակցած են Եւրախորհրդարանի անդամներ, Պելճիքայի հայ համայնքի եւ Պրիւքսէլի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ելոյթ ունեցած են Պելճիքայի եւ Եւրամիութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը, Աշոտ Ղուլեանը եւ Եւրախորհրդարանի պատգամաւոր, Եւրամիութիւն – Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլենի Թէոխարուսը։ Այնուհետեւ իր գիրքի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուցած է հեղինակը:

Օրուան երկրորդ կիսուն Եւրախորհրդարանին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահը հանդիպում ունեցած է Եւրախորհրդարանի պատգամաւորներ Ճորտի Սեպասթիայի եւ Էռնեսթ Մարաքալի հետ (Եւրոպայի Ազատ դաշինք, «Կանաչներ» խմբակցութիւն): Քննարկուուած են, մասնաւորապէս, Ղարաբաղի քաղաքական համակարգի զարգացմանը միջազգային խորհրդարանական կապերուն եւ ատրպէյճանա–ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:

comments