By Asbarez | Thursday, 30 October 2014
Հոկտեմբեր 28ին, Լեռնային Ղա-րաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, որ Քանատա կը գտնուի, «Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ մարդու հիմնարար իրաւունքների պաշտպանութիւնը» խորագիրով դասախօսութիւն ներկայացուցած է Օթթաուայի «Քարլթըն» համալսարանին մէջ. ընթացքին ան խօսած է ատրպէյճանական–ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ներկայ հանգրուանին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է անկախութեան տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի ունեցած ձեռքբերումներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն:
Դասախօսութեան ներկայ եղած են Քարլթընի եւ Օթթաուայի համալսարաններու ուսանողներ եւ Օթթաուայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Հոկտեմբեր 29ին Կարէն Միրզոյեան Քանատայի խորհրդարանին մէջ հանդիպած է Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործող նախարարը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի պետականաշինութեան եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացները, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ներկայի հանգրուանը:
Նոյն օրը Կարէն Միրզոյեան Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցած է Օթթաուայի հայ համայնքի ղեկավարներուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններու անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Կարէն Միրզոյեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները եւ պատասխանած ներկաներուն հարցումներուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ