ԼՂՀ ԱԺ նախագահը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ

By Asbarez | Tuesday, 02 December 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 30 Նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Ուաշինկթըն: Այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը։

1 Դեկտեմբերին կայացած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահին հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առնչուող շարք մը հարցեր:

Նոյն օրը Աշոտ Ղուլեան հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆր-ենք Փալոնի հետ: Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են քոնկրեսին եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանին միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր։

Ֆ. Փալոնի խնդրանքով՝ Աշոտ Ղուլեան ներկայացուցած է Արցախի սահմաններուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող սադրանքներուն հետեւանքները եւ այդ պարունակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաօդային ուժերու ուղղաթիռի խոցումը դատապարտող յայտարարութիւններուն համար:

Կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի այցելութիւնը։

 


comments