By Asbarez | Wednesday, 03 December 2014
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Արցախի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ աշխատանքային այցով Ուաշինկթըն գտնուող ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Դեկտեմբեր 2ին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած է քոնկրեսականներ Լինտա Սանչեզի, Էտըմ Շիֆի, Տէյվիտ Սիսիլինի եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի հետ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն՝ Արցախին վերաբերող հարցերը ուշադրութեան կեդրոն պահելնուն համար, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է Արցախի եւ տարածաշրջանի վերջին զարգացումները:
Աշոտ Ղուլեան բարձր գնահատած է Քոնկրեսի անդամներու անաչառ եւ համարձակ դիրքորոշումը՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ, մասնաւորապէս՝ Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն եւ Նոյեմբեր 12ին ատրպէյճանական կողմին կազմակերպած սադրանքներու արագ արձագանգումը եւ դատապարտումը: Հանդիպումներուն ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւններու ընդարձակման հեռանկարներուն, կարեւոր համարած են քաղաքական ու տնտեսական կապերու զարգացումը, ինչպէս նաեւ քննարկած են ընկերային ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները:
Նոյն օրը, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է ԼՂՀ անկախութեան 23րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումը: Հանդիսաւոր երեկոն կազմակերպած էին Քոնկրեսի Հայկական հարցերու յանձնախումբը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու Ամերիկայի հայկական համագումարը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ