Հայկական կողմին պարզած մեր ձեռքը կ՛անտեսուի. Չաւուշօղլու

By Asbarez | Wednesday, 03 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին մեկնելու ճամբուն վրայ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու խօսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա կատարած այցին, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական սահմանը բաց տեսնելու Հռոմի պապի ցանկութեան մասին. Դեկտեմբեր 3ին այս մասին տեղեկացուց «Հապեր 3» թրքական լրատուական կայքը:

Անդրադառնալով ռուսական կազի սակի 6 տոկոսով նուազեցման մասին Փութինի յայտարարութեան՝ Չաւուշօղլու նշած է, որ իրենք կը բանակցին աւելի մեծ զեղչի հասնելու համար:

Մեկնաբանելով Ֆրանսիս պապի այն յայտարարութիւնը, թէ ան կը փափաքի հայ-թրքական սահմանը բաց տեսնել՝ Չաւուշօղլու ըսած է. «Մենք ալ այդ կ՛ուզենք, սակայն Հայկական հարցին առնչութեամբ միշտ Թուրքիան քայլ կը կատարէ: Հակառակ կողմէն ձայն չկայ եւ մեր պարզած ձեռքը կ՛անտեսուի»:


comments